ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Հայ-Մետ» ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայէն Արցախ ժամանած են քիթ-կոկորդ-ականջաբան, միզաբան եւ շարք մը այլ մասնագիտութեանց տէր բժիշկներ:
Արցախի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ կամաւոր բժիշկները մինչեւ Ապրիլ 6 անվճար ընդունելութիւններ, խորհրդատուութիւններ, հետազօտութիւններ եւ վիրահատութիւններ պիտի կատարեն:
«Հայ-Մետ» ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան նախագահ Յովհաննէս Ժան Միշել յայտնեց, որ իրենք շուրջ 30 տարիէ վեր Արցախի ժողովուրդին օգնութիւն կը ցուցաբերեն: Ան ըսաւ, որ այս այցելութեան ընթացքին, բացի անվճար բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելէ, իրենց հետ բերած են նաեւ բժշկական սարքեր եւ դեղորայք: