Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի Փարիզի մէջ իրենց ռուս պաշտօնակիցներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպումի ընթացքին այլ հարցերու շարքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի կացութիւնը:
«Սուիսէնֆօ» կայքը կը գրէ, որ ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան, ֆրանսական կողմը հանդիպումի ընթացքին նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի» հասնելու համար միացեալ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին շուրջ Իրանի հետ բանակցութիւնները վերսկսելու համար համագործակցութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ նախարարները քննարկած են Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: