Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման Անհրաժեշտութեան» բանաձեւին նախագիծը:
Նախագիծը ընդունուեցաւ 305՝ կողմ եւ 30՝ ձեռնպահ ձայներով:
Ծերակոյտի նիստին ընթացքին երեսփոխանները կառավարութեան կոչ ըրին գործելու, կանգնելու հայ ժողովուրդի կողքին եւ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնը:
Նշենք, թէ բանաձեւը ներկայացուցած էին ծերակուտականներ Պռունօ Ռեյթայօն, Փաթրիք Մանէն, Էրվէ Մարսելը, Ալիան Աղասին եւ Կիլիոմ Կոնթարտը:
,