Ֆրանսայի հրաւէրով երէկ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի օժանդակութեան համաշխարհային առցանց խորհրդաժողովը, որուն զօրակցեցան ՄԱԿ-ն ու Իտալիան, իսկ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 երկիրներ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ բոլորը շահագրգռուած են, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ իր պարտականութիւնը շարունակելու կարողութիւնը պահէ:
Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան երաշխիքը եղող լիբանանեան բանակը լքել:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կուերինի խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է ընդառաջել լիբանանեան բանակի կարիքներուն` անոր ապահովելով հիմնական օժանդակութիւն:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքա կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու, որպէսզի ան ազդու գործունէութիւն ունենայ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական արտակարգ ճգնաժամ մը, իսկ մօտիկ ապագային այդ հարցերու լուծման պատկերացումները կը թուին անկարելի ըլլալ:
Ան աւելցուց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապալի իրավիճակի վատթարացումին հետեւանքը պիտի ըլլայ բոլոր հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին փլուզումը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միակ եւ վերջին հաստատութիւնն է, որ անքակտելիօրէն շաղկապուած է, հետեւաբար անոր դպչելու որեւէ փորձ կրնայ պատճառ դառնալ լիբանանեան գոյացութեան փլուզման:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին վայելած տեղական եւ միջազգային վստահութիւնը կը մղէ զօրակցելու եւ օժանդակելու բանակին, որպէսզի ան կարենայ մնալ շաղկապուած ու միասնական, եւ այդպէս շարունակել իր առաքելութիւնը: