ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ եւ «Անընկճելի Ֆրանսա» ձախակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի պատկերասփռուած ուղերձը՝ յայտարարելով. «Մաքրոն սխալած է: Ան սկսաւ նախատելով ժողովուրդը եւ ոչ մէկ խօսք ըսաւ վիրաւորներուն մասին»: Ըստ անոր՝ նախագահը անտեսած է անգործներուն, մասնակի աշխատանք ունեցողներուն եւ ուսանող երիտասարդութեան կարիքները:
Ձախակողմեան քաղաքական գործիչը կը նշէ, որ պայքարը պէտք է շարունակուի, եւ բողոքի ցոյցերու արշաւի հերթական քայլը նախատեսուած է յառաջիկայ Շաբաթ օր: «Քաղաքացիական յեղափոխութիւնը մեծագոյնը պիտի ըլլայ», խոստացաւ Մելանշոն:
Իր կարգին, խորհրդարանին մէջ ընկերվարականներու խմբակցութեան ղեկավար Վալերի Ռապոն նախագահին ելոյթը նկատեց «ուշացած պատասխան» եւ «տեսողական պատրանք» ստեղծելու փորձ»:
Ազդեցիկ աշխատաւորական միութիւններէն՝ Աշխատանքի ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ եւս բողոքի նոր ցոյցերու կոչ կատարուած է: Այդ միութեան ղեկավար Ֆիլիփ Մարթինեզ «Ֆրանս Էնֆօ» ձայնասփիւռի կայանէն կոչ ուղղեց միութեան անդամներուն՝ 14 Դեկտեմբերին, «դեղին բաճկոնաւորներ»ուն հետ ցոյցեր կատարելու:
«Հանրապետութեան նախագահը ոչինչ հասկցած է. ան չի փափաքիր հասկնալ այն ցասումը, որ վերջին շաբաթներուն սկսաւ աւելի ուժգին կերպով արտայայտուելու», ըսաւ Մարթինեզ: «Նախագահը կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի մէջ 100 եուրոյով բարձրացնել ամսական նուազագոյն աշխատավարձը: Ատիկա շատ հեռու է մեր պահանջածէն: Ան նաեւ չի ճշդեր, թէ ո՛վ պիտի վճարէ», ըսաւ Մարթինեզ:
Մինչ այդ, «Օփինիըն Ուէյ» ընկերութեան հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն՝ մասնակցողերուն 78 առ հարիւրը հաւանութիւն կու տայ տուրքերու նուազեցման, իսկ 68 առ հարիւրը՝ ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 100 եուրոյով բարձրացնելուն:
Ֆրանսացիներուն 54 առ հարիւրը համոզուած է, որ «դեղին բաճկոնաւորներ»ուն բողոքները պէտք է դադրին, մինչ 5 առ հարիւրը կը զօրակցի անոնց շարունակման:
Երկրին մէջ շարժումին զօրակցութեան մակարդակը գրեթէ չէ փոխուած ու կը մնայ մօտաւորապէս 66 առ հարիւր: Նոյն ժամանակ, հարցախոյզին մասնակցողներուն 50 առ հարիւրը նախագահին ուղերձը նկատած է ոչ-համոզիչ, իսկ 49 առ հարիւրը հաւատացած է Մաքրոնի խօսքին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար խոստացած էր 2019էն սկսեալ ամսական նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել 100 եուրոյով, այս տարուան վերջաւորութեան լրացուցիչ տուրքի չենթարկուող պարգեւավճար մը՝ աշխատող ֆրանսացիներուն, տուրքերու ջնջում այն թոշակառուներուն համար, որոնց թոշակը ցած է 2 հազար եուրոյէն: Ան նաեւ դատապարտեց ցոյցերուն ընթացքին ոստիկաններուն դէմ բռնութիւնը, սակայն մերժեց վերատեսութեան ենթարկել մեծա-հարուստներու տուրքերը կրճատելու որոշումը։