Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը երեքշաբթի, 28 յունիսին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն` հետեւելու համար շրջանի խիստ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան ծրագիրի գործադրութեան հոլովոյթին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր զօրակցութեան այս ծրագիրի նախագահ Վալերի Տը Մոնթիէր եւ Միացեալ քաղաքներու միութեան Լիբանանի խմբակի նախագահ Օրլի Լամուր: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարձր գնահատեց պատուիրակութեան ճիգերը` շրջանի կարիքաւոր բնակչութեան դիմակալած անցեալի թէ ներկայի դժուարութեանց հարթումին եւ անոնց օժանդակութեան ծիրին մէջ: Պօղոսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց` նշելով այս միութեան նախաձեռնութիւնը` լիբանանեան քաղաքապետութեանց յատուկ արհեստագիտական գրասենեակի հաստատման առումով, յանձին անոր նախագահ դոկտ. Պաշիր Ազմիի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը նշեալ զօրակցութեան ֆոնտի լիբանանեան կարգ մը քաղաքապետութեանց եւ անոնց բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութիւնը «ճիշդ ատենին հասաւ» ըսելով բնութագրեց: Շեշտելով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը` Պօղոսեան յոյս յայտնեց, որ այս ֆոնտը կը վճռէ շարունակել իր ճիգերը շրջանի եւ անոր բնակչութեան օժանդակելու գծով, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ, որ այս շրջանն ու առհասարակ երկիրը կարենան յաղթահարել տագնապները:
Իր կարգին, Տը Մոնթիեր հաստատեց, որ ընդդէմ տագնապներու ցուցաբերուող զօրակցութիւնը մարդկային ու բարոյական արժէքներու չափանիշներու մէկ տասներորդն է: Ան նշեց, որ ծրագիրին ու անոր գործելաոճին մանրամասնութեանց մէջ արձանագրուած պատկերացումները նկատի առնուած են ու անոնք պիտի արժանանան առաւելագոյն զօրակցութեան ու օժանդակութեան:
Նոյն ծիրին մէջ, Լամուր դիտել տուաւ այն անաչառ, պարկեշտ յարաբերութիւնը, որ ֆրանսացի ժողովուրդը հաղորդակից կը դարձնէ Լիբանանին` ընդգծելով, որ «ա՛յս է այն շահը, օգուտը, որուն հիմամբ ֆրանսական իրերայաջորդ կառավարութիւններ մասնակցած ու ֆինանսաւորած են այս ծրագիրը»:
Ապա պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի Բարգաւաճման ծառայութեանց կեդրոն, ուր անոր անդամները լսեցին նշեալ կեդրոնի նախագահ Պերնատեթ Քրիտի, մասնակից տեղական 12 միութիւններու, ինչպէս նաեւ` նպաստընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներու վկայութիւնները:
Աւարտին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ նշեալ նպաստընկալ կարգ մը ընտանիքներուն եւ անոնց երեխաներուն հետ: