ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսա, որ վերջերս ստանձնեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, պիտի շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութենէն:
«Ֆրանսայի դեսպանը եւ դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան եւ բարգաւաճման իրենց բարեմաղթանքները 2022 թուականին համար: Ֆրանսա պիտի շարունակէ գործել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Ֆրանսայի դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: