Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ պիտի ստեղծուի Մեծ Եղեռնի Յիշողութեան կեդրոն: Նախաձեռնութիւնը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախմբինն է` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի աջակցութեամբ:
«Ֆրանսուա Օլանտ այս ծրագրի մղիչ ուժն է: Ան կը ցանկանայ, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դառնայ: Երբ համայնքի անդամները 2012-ին հանդիպեցան Ֆրանսայի նախագահին, այս հարցը նոյնպէս քննարկուեցաւ, եւ ան հաստատեց ծրագիրը: Այս տարիներու ընթացքին ան միշտ կը հետաքրքրուի, թէ ծրագիրը որ փուլի մէջ է: Ան յանձնարարած է Փարիզի քաղաքապետարանին աջակցիլ այս հարցով եւ տարածք տրամադրել այս կեդրոնին համար: Փաստօրէն, պետութեան ուժերը մէկտեղուած են, որպէսզի այս կեդրոնի ծրագիրը կեանքի կոչուի»,- ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ ըսած է ՀՅԴ Հայ դատի յանձախումբի անդամ Մուրատ Փափազեանը` աւելցնելով, որ այժմ կողմերը համապատասխան կառոյց կը փնտռեն: Պայմանաւորուածութեան համաձայն` Փարիզի քաղաքապետարանը շէնք պիտի տրամադրէ հայ համայնքին` կեդրոնի բացման համար, սակայն կառոյցը պիտի պատկանի ոչ թէ համայնքին, այլ քաղաքապետարանին:
Մուրատ Փափազեան շեշտած է, որ Յիշողութեան կեդրոնի նախաձեռնութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ իրականութիւն պիտի դառնայ աշնան: Յիշողութեան կեդրոնին մէջ պիտի գործեն ցուցասրահ, աշխատասենեակներ, ուր ուսանողները պիտի կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել, նաեւ դահլիճ, ուր պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ Հայ դատի յանձնախումբի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Թէեւ յիշողութեան կեդրոնը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղապանութեան, սակայն կը նախատեսուի, որ ձեռնարկներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպեն մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու մասին:
Բացի Յիշողութեան կեդրոնի բացումէն, Ֆրանսայի մէջ 100-րդ տարելիցին նուիրուած ծրագիրները բազմաթիւ են: Մարտին Սորպոնի համալսարանին մէջ պիտի կայանայ չորսօրեայ միջազգային գիտաժողով: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համատեղ երեք ամիս շարունակ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ պիտի ցուցադրուին թանգարանի ցուցանմուշները: «Կան հարիւրաւոր այլ ձեռնարկներ. ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակում: Բազմաթիւ հեռուստաընկերութիւններու հետ պայմանաւորուածութիւն կայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժանկարներ ցուցադրելու առնչութեամբ: Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են, որպէսզի Ֆրանսայի ամենախոշոր լրատուամիջոցները ոչ միայն լուսաբանեն այդ ձեռնարկները, այլեւ առանձին յօդուածներով անդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին»,-ըսած է Մուրատ Փափազեան` աւելցնելով, որ 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումը պէտք է ծառայեցնել ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման: