Մարատա հոսանքին կազմակերպութեամբ երէկ էհտենի մէջ հանրապետութեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատի շրջափակին մէջ նշուեցաւ 13 յունիսի սպանդին նուիրուած յիշատակի երեկոյ մը, որուն ընթացքին Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մատուցուեցաւ Էհտենի սպանդին ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակին:
Այս առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իւրաքանչիւրին պատմութիւնը գրուած է անոր ճակատին վրայ` աւելցնելով, որ իրենք դրական կերպով պիտի ընդդիմանան իրենց հակառակորդներուն եւ պիտի չարտօնեն, որ անոնք Լիբանանը մասնատելու իրենց երազը իրականացնեն:
«Մեզի ջնջել փորձող կողմերուն կ՛ըսենք. մեր եւ ձեր դիմաց տակաւին կեանքը երկար է, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ ձեր վերացական ծրագիրները պարտադրէք մեր վրայ: Ճիշդ է, որ մենք ներեցինք եւ շրջանցեցինք այս փուլը` մեր հայեացքը ուղղելով դէպի ապագայ, սակայն չմոռցանք», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Մարատա հոսանքն ու աունականները Հըզպալլայի քրիստոնեայ ծածկը չեն նկատուիր, որովհետեւ Հըզպալլա հովանաւորի կամ ծածկի կարիք չունի:
«Պարզապէս իրականութիւնը այն է, որ մենք կը զօրակցինք Լիբանանի արաբականութեան, միասնականութեան եւ համերաշխութեան, ու այս բոլորին մէջ կը համընկնինք Դիմադրութեան ծրագիրին», շեշտեց ան: