“Երեւանն է կանչում” երիտասարդ կատարողներու երեւանեան առաջին միջազգային մրցոյթը կը կայանայ Հոկտեմբեր 10-13` Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:
Երեւանեան առաջին մրցոյթը նուիրուած է մայրաքաղաքի 2794-ամեակին: Մրցոյթին կը մասնակցին 17 երկրի` Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ, Մալթայի, Էսթոնիայի, Լաթվիայի, Լիթվիայի, Ղազախստանի, Իսրայէլի, Լեհաստանի, Սպանիոյ, Ռումանիոյ, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Մոլտովայի, Պուլկարիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հայաստանի երիտասարդ երգիչները:
Մրցոյթի մասնակիցներուն մեծ մասը միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթներու, ինչպէս` “Եւրոտեսիլ”-ի եւ “X factor”-ի յայտնի հեռուստանախագիծի մասնակիցներ եւ յաղթողներ են:
“Երեւանն է կանչում” երիտասարդ կատարողներու միջազգային մրցոյթի մասնակիցները` մրցոյթին առաջին եւ երկրորդ օրերուն հանդէս պիտի գան սեփական երկրի եւ համաշխարհային հիթերու կատարումներով, իսկ երրորդ օրը` հայկական երգերու կատարումներով:
Մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 20.000 ԱՄՆ տոլար, որ նախատեսուած է բաժնել Կրան Փրի, I-ին, II-րդ, III-րդ մրցանակակիրներուն միջեւ: Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ հայկական երգի լաւագոյն կատարման համար սահմանուած է նաեւ յատուկ մրցանակ:
Մրցոյթի ժիւրիի կազմին մէջ են` Դանիէլ Տանասդասին Մալթայէն, Ելենա Շուիլբէն Լաթվիայէն, Էլիուս Ռոմանովասը Լիթվիայէն: Հայաստանէն ժիւրիի կազմին մէջ ներկայացուած է Շուշան Պետրոսեանը:
Փառատօնը կ’իրականացուի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ` Երեւանի քաղաքապետարանի եւ “էմի Բի” բեմադրիչներու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ: