Շարժանկարը ընդգրկուած է նաեւ Հոկտեմբեր 24-28 Երեւանի մէջ կայանալիք “Ես եմ” 7-րդ միջազգային երիտասարդական փառատօնի մրցութային բաժինին մէջ:
Յաճախ երկիրներու միջեւ գոյացող սահմանային եւ քաղաքական անհամաձայնութիւնները կամայ թէ ակամայ կ’անդրադառնան ազնիւ ու աշխատասէր մարդու ապրելակերպին վրայ: Այս է Մարգար պապի հոգը, երբ առաւօտ մը արթննալով կը պարզէ, որ տասնամեակներով իր տան ու հողին մաս կազմող արտաքնոցը յայտնուած է ուրիշ պետութեան սահմանին մէջ: Սահմանապահներու եւ գիւղապետի սահմանը չխախտելու անհեթեթ բացատրութիւնները` աշխարհին շիտակ հոգիով վերաբերող Մարգար պապին համար չեն, եւ ան ստիպուած կ’ըլլայ հողագործի բահը մէկ կողմ դնել, խրամատ փորել եւ զէնքով պաշտպանել իր ունեցուածքն ու պատիւը:
Շարժանկարի սենարին հեղինակն է Արթուր Մկրտչեան, բեմադրիչը` Գուժ Թադեւոսեան, դերակատարներ` Կարէն Ջահանգիրով, Ժորա Դիլանեան, Լիոնեա Գալստեան, Նարեկ Աղեկեան: