Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«1 Նոյեմբերէն Սկսեալ Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Յաւելեալ Կէս Ամսական Պիտի Տրամադրուի` Իբրեւ Ընկերային Օժանդակութիւն» Շեշտեց Միքաթի

November 19, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati Promises ’24/24′ Electricity, Says IMF Talks ‘on Track’

Ի տես երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ահռելի պայմաններուն, նախարարաց խորհուրդի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերու նախարարական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ 1 նոյեմբերէն սկսեալ պետական մարզի պաշտօնէութեան յաւելեալ կէս ամսական պիտի տրամադրուի` իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն:

Վարչապետը յայտնեց, որ նախքան տօնական օրերը կատարուելիք այս վճարումները պէտք չէ ըլլան նուազ քան մէկուկէս միլիոն լ. ոսկի, եւ ոչ աւելի քան` երեք միլիոն լ. ոսկի: Ան աւելցուց նաեւ, որ պաշտօնեաներուն պէտք է օրական 64 հազար լ. ոսկի վճարուի` իբրեւ փոխադրածախս:

«Այս որոշումները կը վերաբերին պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաները պէտք է 66 առ հարիւր համեմատութեամբ ներկայութիւն ըլլան իրենց հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն մէջ:

Ան ընդգծեց, որ դեղորայքին նպաստը շարունակելու համար պէտք է նիւթական աղբիւրներ ապահովել եւ լիբանանեան դեղորայք արտադրելու ճարտարարուեստին զօրակցիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել 2022-ի պետական ամավարկը, որուն մշակումը մօտիկ ապագային պիտի աւարտի:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց շաբաթ, 20 նոյեմբեր 2021-ին Ռուսիա կատարելիք անոր այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Նշենք, որ կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Միքաթի այսօր պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` քննարկելու համար կառավարութիւնը իր նիստերուն վերադարձնելու կարելիութիւնները:

Previous Post

Չաւուշօղլու. «Եթէ Հայաստանը Պատրաստ Է, Ապա Թուրքիան Եւս Պատրաստ Է»

Next Post

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.