ՔԷՅՄՊՐԻՃ, Մեսեչուսեց.- ՀԲԸՄի Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան 110-ամեակը նշեց 1-2 Յունիսի շաբաթավերջին կայացած ձեռնարկներով, որոնց գլխաւորն էր Շաբաթ, 2 Յունիսին կայացած տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթը։
Աւելի քան 300 անդամներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ կայացած այս ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 1.22 միլիոն տոլար գումար մը, որուն մէկ միլիոնը նուիրեց ամերիկահայ պատերազմի վեթերան Փօլ Մարսուպեան, գումարը յատկացնելով ՀԲԸՄի կրթանպաստներու հիմնադրամին։