Ճիշդ է, որ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած կենսական խնդիրներուն լուծման համար ուժեղ եւ կարողութիւններով օժտուած կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ըլլալ յարմարագոյնը, սակայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետեւող իւրաքանչիւր անհատ կրնայ հաստատել, որ անոր ծնունդը երկրին վիճակէն աւելի անյոյս վիճակ կը պարզէ:
Այս շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Սուրիա` պաշտօնապէս սերտելու համար Լիբանանի մէջ տիրող ողբերգութիւնները մեղմացնելու կարելիութիւնները:
10 տարի միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններով բաւարարուած երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու առաջին քայլը առնուեցաւ շաբաթ առաւօտեան, երբ լիբանանեան պատուիրակութիւնը հասաւ Ժտայտեթ Եապուս եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ համապատասխան սուրիական պատուիրակութեան հետ` քննարկելու համար եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Սուրիոյ ընդմէջէն Լիբանան հասցնելու միջոցները:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Սաատ Զախիա:
Սուրիական պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ, ուժանիւթի նախարար Պասսամ Թոհմէ, ելեւմուտքի նախարար Քանան Եաղի, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի եւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեամբ մը հաստատուեցաւ, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ելեկտրականութեան եւ կազի մարզերուն վերաբերեալ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ լիբանանեան կողմը Սուրիայէն խնդրած է օժանդակել, որ եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Սուրիայէն փոխանցուի Լիբանանին, եւ Սուրիա խոստացած է ընդառաջել այդ խնդրանքին` հաստատելով ամէն իմաստով գործակցելու իր պատրաստակամութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ երկու կողմերը քննարկեցին նաեւ թեքնիք մանրամասնութիւնները, եւ դժուարութիւնները հարթելու նպատակով կազմեցին միացեալ յանձնախումբ մը:
Հանդիպումէն ետք Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ սուրիական պատուիրակութեան հետ հանդիպումը դրական եղած է` աւելցնելով, որ Սուրիա ամէն իմաստով կը փափաքի գործակցիլ Լիբանանի հետ:
Ան նշեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Յորդանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ քառակողմ հանդիպում մը` Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել Սուրիոյ վրայով դէպի Լիբանան հասնելիք յորդանանեան ելեկտրական հոսանքին ու եգիպտական կազին մանրամասնութիւնները:
Ղաժար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան ելեկտրական ընկերութիւններ, որոնք կազով կը բանին ելեկտրական հոսանք արտադրելու համար` աւելցնելով, որ անոնք են Տէյր Աամարի, Սուրի, Պաալպեքի եւ Զահրանիի ելեկտրական ընկերութիւնները:
Այս իմաստով ամերիկեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ղաժար յայտնեց, որ յորդանանեան ելեկտրական հոսանքն ու եգիպտական կազը Լիբանանի համար նորութիւններ չեն, որովհետեւ Լիբանան կ՛օգտուէր այդ ծառայութիւններէն, սակայն կային արգելքներ: «Ամերիկացիներէն բացառութիւններ խնդրուած էին, եւ անոնք ինքնաբուխ նախաձեռնեցին բացառութիւններ ընձեռելու, երբ վկայեցին Լիբանանի դիմագրաւած ծանր ու դժուար կացութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ իրենք արգելք չունին», յայտնեց Ղաժար:
Նշենք, որ Յորդանանի մէջ քառակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2021-ին: