Երկուշաբթի, 20 յուլիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի հետ:
100-ամեակի ձեռնարկներուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով 100-ամեակի անցնող եօթը ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մասին` Դեմոյեան յայտնեց, որ այդ ձեռնարկները չսկսան տարեսկիզբին: Ան նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծուեցաւ ցանց մը, որուն միջոցով շրջանառութեան մէջ դրուեցան գաղափարներ: Ան աւելցուց, որ տարին տակաւին չէ աւարտած, սակայն կարելի է քանի մը հետեւութիւններ կատարել` նշելով, որ կարեւոր ձեռքբերումը այն է, որ համահայկական մակարդակի վրայ ստեղծուած է մէկ գաղափարի` ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատշաճ ոգեկոչման շուրջ համախմբուածութիւն: Ան յիշեցուց, որ ստեղծուած կառոյցը իր աշխատանքը պիտի չաւարտէ 2015-ի աւարտին, այլ պիտի շարունակէ յառաջիկայ տարիներուն եւս գործել:
Դեմոյեան ըսաւ, որ օտար շրջանակներու մէջ աննախադէպ էր անդրադարձը` նշելով, որ «նոյնիսկ սպասուածէն ալ աւելի էր», եւ արդիւնք էր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կատարած նախապատրաստական աշխատանքներուն, «սակայն ատով պէտք չէ բաւարարուինք»:
Անդրադառնալով անցնող եօթը ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն` Դեմոյեան յայտնեց, որ բաւական լուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական յանձնախումբերուն միջեւ, ինչ որ նախօրինակ ծառայեց այլ համայնքներու համար, որովհետեւ Լիբանանը այսօր ստանձնած է ամբողջ ծանրութիւնը իբրեւ 100-ամեակի ձեռնարկներու գլխաւոր կեդրոնը հանդէս գալու համար, իսկ տեղւոյն յանձնախումբի աշխատանքը ինքզինք արդարացուց:
Խօսելով յուլիսին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովին մասին` Դեմոյեան ըսաւ, որ գիտաժողովի հիւրընկալումը մրցոյթով էր, որուն դիմած է նաեւ Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը: Ան նշեց, որ Ընկերակցութեան գիտաժողովի Պոլսոյ կամ Ռուանտայի մէջ հիւրընկալման համար նոյնիսկ առաջարկ գոյութիւն ունէր:
Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տնօրէնը ընդգծեց, որ այս ձեռնարկը թանգարան-հիմնարկի կողմէ այս տարուան մէջ վերջինը պիտի չըլլայ: