Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական աշխատանքային նիստը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ մասնակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի։
Օրակարգը կը վերաբերէր միօրեայ խորհրդաժողով-համագումարի, որ կը նախատեսուի կազմակերպել յառաջիկայ աշնան։ Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին զեկուցումներ, Ցեղասպանութեան վերաբերող` Զմմառի արխիւատան մէջ գտնուող փաստաթուղթերուն, Վատիկանի արխիւներուն, եւ Լիբանանեան մշակութային ու հոգեւոր տարբեր կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներուն։ Իբրեւ զեկուցաբերներ նկատի առնուած են Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ իտալիայէն գիտաշխատողներ։
Համագումարի բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի 100-ամեակին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն։Կը ծրագրուի հրաւիրել նաեւ միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։