ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերը, ՀԱՊԿի խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ մեկնեցան Ղազախստան՝ մասնակցելու համար կացութիւնը հանդարտացնելու ջանքերուն։
Գլխաւորաբար ուժանիւթի գինի աճին դէմ բողոքող ցուցարարներ վերջին քանի մը օրերուն ծանր բախումներ ունեցան ապահովական ուժերուն հետ, պատճառելով տասնաեակներով զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ։ Իշխանութիւնները մօտաւորապէս 4000 ցուցարար ձերբակալած են։
«Հիմք ընդունելով ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի 4րդ յօդուածի համաձայն սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագրի դրոյթներին համաձայն, ՀՀ զինուած ուժերը ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերի կազմում Ղազախստանի Հանրապետութիւն են գործուղել խաղաղապահ ստորաբաժանում (թուով`100 զինծառայող): Առաքելութեան ընթացքում ՀՀ Զու խաղաղապահ ստորաբաժանումը կ՛իրականացնի բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւնների եւ ենթակառուցուածքների պահպանութեան գործառոյթներ», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Նշենք, որ Ռուսիոյ գլխաւորած խաղաղապահ ուժին մաս կը կազմեն ՀԱՊԿի անդամ երկիրներէն մօտաւորապէս 2500 զինուորներ: