ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Այս տարուան մեր բոլոր ձեռնարկներուն գերիշխող թեման Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն է, մեր պետականութեան վերականգնումը, հանրապետութիւն ստեղծելը եւ, մանաւանդ, մեր ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելը: Այնքան ուժեղ խորհուրդ ունի այս պատմադրոշմ իրադարձութիւնը, որ մեր հաւաքական բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները անպայման կը ներշնչուին անկէ եւ անպայման խորհուրդներ, պատմական դասեր քաղելու առիթներ եւ առնչութիւններ կը ստեղծեն:
Եւ որովհետեւ Կիներու միջազգային օրուան նշումն է մեր այսօրուան համախմբումին առիթը, բնականաբար մեր հայեացքները կ՛երթան դէպի ետ` 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, այնտեղ տեսնելու Սարդարապատի եւ միւս դիւցազնամարտերուն ընթացքին ամբողջ հայ ժողովուրդի ծառացումը: Եւ երբ ամբողջ հայ ժողովուրդ կ՛ըսենք, բնականաբար նկատի կ՛ունենաք նաեւ հայ կիները, որոնք այդ օրերուն թէ՛ ռազմաճակատի վրայ, թէ՛ վիրաւորներ խնամելու եւ թէ՛ տղամարդիկը դէպի մահ ու կենաց կռիւ առաջնորդելու դիրքերու վրայ, անմասն չէին մնացած ամբողջ ազգ-բանակի ընդհանուր շարքերէն:
Ժողովուրդն էր, որ իր գոյութիւնը պահպանելու կռիւ կը մղէր, իր վերջին խոյանքը եւ այդ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառացումին մէջ մեծ էր դերակատարութիւնը հայ կնոջ, ոչ միայն խրախուսելու, ոչ միայն օրհասի օրերուն երեխաները պահելու, ոչ միայն վիրաւորները խնամելու, այլ ուղղակի ճակատամարտերուն հայ զինուորներուն կողքին ըլլալու իրականութեամբ:
Բայց այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ հայ կնոջ ոչ միայն ունեցած դերը, այլ նաեւ ստացած դերը` օրուան պետականութեան կողմէ: Այսօր արդէն մենք հպարտութեամբ կրնանք հաստատել, որ Ա. Հանրապետութեան օրերուն անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ կիներ իրաւունք ունեցան ընտրութիւններուն մասնակցելու: Թէ՛ ընտրելու եւ թէ՛ ընտրուելու, երբ տակաւին Արեւմուտքը երկար պիտի սպասէր կիներուն նման իրաւունքով շնորհելու համար: Այս յառաջադիմութիւնը, որ ցուցաբերեցին օրուան հայկական իշխանութիւնները, միայն խորհրդարանական ընտրութիւններով չսահմանափակուեցաւ. Հայաստանի Հանրապետութեան կին քաղաքացիները գործօն մասնակցութիւն ունեցան թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական ոլորտներու մէջ: Աւելի՛ն. հետաքրքրական կրնայ ըլլալ համեմատական ուսումնասիրութիւն կատարել, թէ այդ օրերուն քանի՛ երկիր ունէր դիւանագիտական կին ներկայացուցիչ. այսօր, հարիւրամեակին, եւ միջազգային հնչեղութիւն ունեցած կիներու իրաւունքներու բարձրաձայնումներուն առումով, յատուկ պէտք է լուսարձակի տակ առնել հարիւր տարի առաջ Ճափոնի մէջ դեսպանի պարտականութիւններ կատարող եւ պաշտօնական Երեւանը ներկայացնող հայ կին դիւանագիտական ներկայացուցիչը: Կը յիշատակուի նաեւ Դանիոյ մէջ հայ կին դեսպան ունեցած ըլլալու իրողութիւնը:
Հարիւրամեակի առիթով պէտք է լուսարձակի տակ բերել, որ ամբողջ աշխարհի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղաւ առաջին երկիրը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք տուաւ կիներուն: Այս իրողութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել եւ ըստ այնմ մեր հայրենիքին ապահովել հսկայական առաւել մը:
Պատմական ոլորտներու մէջ առանց խորանալու` արձանագրենք ուրեմն, որ թէ՛ ռազմաճակատի վրայ, թէ՛ պետական, հասարակական կեանքին մէջ, թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ թէ՛ դիւանագիտական առաքելութիւններու մէջ 1918-1921 ժամանակաշրջանին հայ կինը նկատառելի մասնակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, եւ թէկուզ` կարճատեւ, այնուամենայնիւ ճակատագրորոշ զարգացման գործին մէջ: Եւ այս առումով տակաւին անպայման հայ քաղաքական մտածողութիւնը այս տարուան ընթացքին բազմաթիւ առիթներ կ՛ունենայ հայ կնոջ ունեցած ներդրումը վերլուծումի ենթարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուող գիտաժողովներու եւ տարբեր բնոյթի ձեռնարկներու ընթացքին:
Հարիւր տարի առաջ այս օրինակներով կ՛ընդգծուէին հայ կնոջ դերակատարութիւնը. մինչ նոյնիսկ տակաւին այս օրերուն միջազգային մակարդակի վրայ եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կիներու իրաւազրկումի փաստերու մասին կը մշակուի ամբողջ գրականութիւն մը: Բազմաթիւ օրէնքներ կ՛որդեգրուին` կանխարգիլելու համար կնոջ սեռային շահագործումը, ընտանեկան վայրագութիւնը, բռնաբարումը, եւ մեծաթիւ առիթներու` տղամարդու հետ յարաբերակցաբար անհաւասար դիրքերու վրայ ըլլալու մեծ հաւանականութիւնները:
Հարիւր տարի առաջ մահ ու կենաց կռուի պայմաններուն եւ անձեւ քաոսին մէջ վիճակագրական տուեալներ չկային կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան մասին ուսումնասիրութիւններ ընելու եւ եզրակացութիւններ քաղելու համար: Տղամարդիկ եւ կիներ կողք կողքի էին օրհասը դիմակայելու ծանր պարտականութիւններու դիմաց:
Եւ տրուած ըլլալով, որ հարիւր տարի առաջ կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնաքարն է այսօրուան հայրենիքին, փորձենք այս անգամ վիճակագրական տուեալներու ընդհանուր պատկերը տեսնել, թէ ի՛նչ տուեալներ կը պարզուին հայրենիքի մէջ կիներու եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութեան առումով: Յաճախ կը շեշտենք, որ այսօրուան Հայաստանը ժառանգորդն է 1918-ի Հայաստանին, իսկ ժառանգորդութիւնը կը նշանակէ` ստեղծուած աւանդի, անոր խորհուրդի ստանձնում եւ զարգացում: Հիմա տեսնենք, թէ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ սեռային հաւասարութեան փայլուն օրինակներ տուած Հայաստանէն այս առումով ի՞նչ ժառանգուած է, պահպանուած եւ զարգացուած. թէեւ միջանկեալ եօթանասուն տարուան համայնավարական կարգերը, որոնք մեծ շուքով կը նշէին մարտ 8-ը, աւելի կարգախօսային գաղափարաբանութեան վրայ կը կեդրոնանային, քան` սեռային հաւասարութիւն իրականացնելու պետական գործողութիւններու: Հիմա սակայն լուսարձակները բանանք այսօրուան իրավիճակին վրայ:
Շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ հրապարակուեցաւ «Կանանց եւ տղամարդկանց հաւասար իրաւունքներու վերաբերող ռազմավարութեան նախագիծը»: Նախագիծ, որ պիտի վերածուի կառավարութեան որոշումին:
Կեդրոնանանք այդ նախագիծի կարգ մը հիմնական կէտերուն եւ ներառած տուեալներուն վրայ:
Ուշագրաւ է, որ նախագիծին մէջ անդրադարձ կայ զանգուածային լրատուամիջոցներու կարգաւորումներուն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, որ նախագիծը մշակողներու` հեռատեսիլի կայաններէն ցուցադրուող հայկական արտադրութեան ժապաւէնները (սերիալները) խեղուած արժէքներ կը ձեւաւորեն. ամէնէն աղաւաղուած միջավայրը ընտանիքն է. ամուսին-կին կամ տղամարդ-կին յարաբերութիւններուն մէջ կը քարոզուի տղամարդ բռնարարի կերպարը, իսկ կիներու պարագային կը գերիշխէ չաշխատող եւ միայն ամուսնութեան հարցով մտահոգ կնոջ կերպարը:
Իսկ լրատուամիջոցներու հրապարակումները կը շարունակեն վերարտադրել տղայ երեխայի նախապատուութեան համար հիմք հանդիսացող շարք մը կարծրատիպեր, որոնք կը շեշտեն սեռային խտրականութիւնը:
Բնականաբար, եւ` առաջին հերթին, ռազմավարութիւնը կը սահմանէ կիներու եւ տղամարդոց հաւասար իրաւունքներու եւ հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման պետական քաղաքականութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները եւ ուղղուած է հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն, իրաւունքներու եւ հնարաւորութիւններու իրացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման` հաշուի առնելով նաեւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները:
Իրաւաբանական տեսանկիւնէն, Հայաստանը վաւերացուցած է մարդու իրաւունքներուն վերաբերող գրեթէ բոլոր միջազգային իրաւական հռչակագիրները եւ որպէս ՄԱԿ-ի ու Եւրախորհուրդի անդամ, Եւրոպայի համարկումի միտուած անկախ պետութիւն` ստանձնած է որոշակի պարտաւորութիւններ` ոչ միայն վաւերացնել միջազգային կարեւորագոյն իրաւական փաստաթուղթերը, այլեւ համաձայնեցնել ազգային օրէնսդրութիւնը այդ փաստաթուղթերու դրոյթներուն:
Այս նախագիծին համար հիմք ծառայած է կիներու եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութեան հիմնական երաշխիք հանդիսացող երկրի մայր օրէնքը` սահմանադրութիւնը, ուր, յիշեցնենք, ամրագրուած են նոր դրոյթներ, մասնաւորապէս, ըստ 30-րդ յօդուածի, կիներ եւ տղամարդիկ իրաւահաւասար են:
Ռազմավարութեան ընդհանուր նպատակներուն մէջ յիշուած է նաեւ կիներու տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնումը, աղքատութեան յաղթահարումը, գիւղական բնակավայրերու ընկերային-տնտեսական զարգացման գործընթացներուն մէջ կիներու մասնակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումն ու շուկայական յարաբերութիւններուն մէջ մրցակցային միջավայրի ձեւաւորումը:
Հակառակ հռչակուած նպատակներուն` վիճակագրութիւնը բոլորովին այլ բան կը փաստէ եւ վերը նշուածին հակասող ցուցանիշներ կ՛արձանագրէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կազմին մէջ կին պատգամաւորները ընդամէնը 18 տոկոս համեմատութիւն կը կազմեն:
Կիներու ներկայացուածութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ կը կազմէ 7 տոկոս, փոխնախարարներու թիւին մէջ` 6,2 տոկոս, մարզպետներու` 0 տոկոս, համայնքներու ղեկավարներու` 2,1%, աւագանիի անդամներու կազմին մէջ` 9,7 %, որուն մէջ Երեւանի աւագանիի պարագային` 15,4%, Գիւմրիի եւ Վանաձորի աւագանիի կազմին մէջ` 24%:
Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքային շուկային մէջ կիներու տնտեսական աշխատունակութեան մակարդակը 54,3% է, ինչ որ զգալիօրէն ցած է, քան տղամարդոցը` 72,6:
Նշենք, որ չաշխատող կիներու 5%-ը տնային տնտեսուհիներն են, իսկ տնային տնտեսութեամբ զբաղողներու 98%-ը կիներ են, ընդ որում, այդ կիներուն 40%-ը ունի բարձրագոյն կամ միջին մասնագիտական կրթութիւն:
Իսկ կիներու միջին աշխատավարձը ցած է տղամարդոց միջին աշխատավարձէն 5 %-ով:
Ինչ կը վերաբերի եկամուտներու տարբերութեան, ապա անիկա կը հասնի 40%-ի, թէեւ աշխատող կիներուն 56%-ը եւ աշխատող տղամարդոց 47%-ը ունին բարձրագոյն կամ միջին մասնագիտական կրթութիւն:
Առանց համեմատութիւն կատարելու շրջապատի երկիրներու մէջ կիներու իրաւունքներու կամ սեռային հաւասարութեան վերաբերող իրավիճակներուն` կարելի է ըսել, որ տակաւին աշխատանք ունինք կատարելիք մեր հայրենիքի մէջ սեռային հաւասարութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Եւ որովհետեւ նորացուած սահմանադրութիւնը կը վերահաստատէ յատուկ յօդուածով, որ կիներն ու տղամարդիկ համահաւասար իրաւունքներ կը վայելեն, հետեւաբար սեռային խտրականութեան որեւէ երեւոյթ, ըստ էութեան, հակասահմանադրական կ՛ըլլայ եւ, հետեւաբար, նաեւ անոր լոյսին տակ մշակելի օրէնքներու խախտում կը համարուի անհաւասար որեւէ երեւոյթ, հետեւաբար նաեւ` քրէական պատասխանատուութեան ենթակայ:
Խնդիրը, սակայն, պատիժներով լուծելի չէ, որքան` գիտակցական, քաղաքացիական դաստիարակութեան ճամբով, գործնական օրինակներու տարածումով:
Հայրենիքի մէջ սեռային հաւասարութեան պէտք է առաջնորդուիլ ոչ թէ միայն օրէնքները չխախտելու կամ եւրոպական պարտաւորութիւններ կատարելու համար, այլ` քաղաքացիական առողջ հասարակարգ ձեւաւորելու:
Հայրենիք-սփիւռք վեցերորդ համաժողովին հանրապետութեան նախագահը յստակօրէն ընդգծեց, որ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ ժողովրդագրական պատկերի խնդիր: Առ այդ, պիտի մշակուի հայրենադարձութեան համապատասխան օրէնք, եւ յատկապէս ծնելիութիւնը խրախուսող միջոցներ պիտի որդեգրուին:
Խնդիրը ունի ռազմավարական եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հանգամանք, ուր կիները հիմնական դերակատարութիւն պիտի ստանձնեն:
Ծնելիութիւնը ի վերջոյ կը խրախուսուի` ընկերային տնտեսական վիճակներու բարելաւումով, աշխատատեղիներու ստեղծումով, բժշկական ծառայութիւններու սպասարկումով եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման նպաստող այլ միջոցներով: Այստեղ հայ կինը ամենակարեւոր գործօնն է, որ համալիր այս ծրագիրներու թէ՛ մշակման եւ թէ՛ կիրարկման մասնակից է հաւասարապէս` տղամարդուն հետ բոլոր միեւնոյն իրաւունքները ունենալով:
Այս առաջնահերթ առաջադրանքի իրականացման մէջ բնականաբար հայ կինը միայն մարդկային համրանք արտադրող գործիք չէ, այլ` համալիր ամբողջական ծրագրի իրականացման համար իրաւահաւասար քաղաքացի:
Եւ խնդիրը, ինչպէս ըսուեցաւ, սահմանադրութեան կամ օրէնքներու մէջ չէ, որոնք ամրագրուած են միջազգային եւ եւրոպական համապատասխան օրէնսդրութեան ընդառաջ, այլ` կարծրատիպերը շրջելու մէջ համարձակ քայլեր առնելու:
Ո՛չ չափաբաժիններու ճշդումը, ո՛չ նոր օրինագիծներ որդեգրելը, ո՛չ օրէնքի խախտում կատարողները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելը կրնան սեռային հաւասարութիւն ստեղծել, եթէ չկան` քաղաքացիական առողջ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը, գիտակցական ենթահողի ձեւաւորումը:
Այլապէս սեռի տեսակի ճշդումէն ետք յղութեան կասեցումը, ընտանեկան բռնարարքները, կամ Երեւանի աւագանիին մէջ կին անդամի կողմէ հրահրիչ արարքի դիմաց բռնութիւն կիրարկելու երեւոյթները կրնան շարունակուիլ:
Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եւ, այս պարագային, ԼՕԽ-ը իր կուտակած կազմակերպական տարիներու փորձառութեամբ անպայման կրնայ հիմնարար դեր ունենալ մեր հայրենիքի մէջ սեռային հաւասարութեան հաստատման եւ կիներու իրաւունքներու լիակատար կիրարկման մարդու իրաւունքներու ընդհանուր սկզբունքներու պարունակին մէջ:
Հարիւր տարի առաջ մեր կնոջական կազմակերպութիւնը գործեց համահաւասար արդիւնաւէտութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ օրհաս դիմագրաւելու ամենապատասխանատու մօտեցումներով:
Այսօր ԼՕԽ-ը բոլոր տուեալները կ՛ամբողջացնէ այդ ժառանգի ստանձնումով պատուով կատարելու իրեն վերապահուած առաքելութիւնը եւ սատարելու, որ հայրենիքի մէջ հայ կինը վայելէ լիարժէք, համահաւասար քաղաքացիի ոչ միայն իրաւական ու սահմանադրական, այլ նաեւ իրողական գործնապէս բոլո՛ր իրաւունքները:
Հարիւր տարի առաջ մեր երկիրը դարձաւ առաջինը` կիներու քաղաքական իրաւունքներ տալով. հարիւր տարի ետք պէտք է աշխատինք, որ մեր երկիրը դառնայ իսկապէս առաջինը` կիներու եւ տղամարդոց համահաւասարութիւն թէ՛ ապահովողը եւ թէ՛ գործադրողը:
Շնորհակալութի՛ւն:
Խօսք` ԼՕԽ-ի կազմակերպած «Պետականութիւնը եւ հայ կինը» թեմայով ձեռնարկի ընթացքին, 5 մարտ 2018: