Ինչպէս պարզուած է, երէկ «Օսկար» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ աստղային հիւրերուն պիցցա մատակարարող առաքիչը եղած է հայազգի Էտկար Մարտիրոսեանը: Ան կ’աշխատի Հոլիւուդի Big Mama’s and Big Poppa’s Pizzeria-ի մէջ` որպէս առաքիչ:
Ան հրաժարած է յատկացուած թէյավճարէն, սակայն մրցանակաբաշխութեան հաղորդավարուհի Էլէն Տեճեներեսը ատիկա այդպէս չէ ձգած: Ան Էտկարին հրաւիրած է իր շոուին եւ անոր տուած 1000 տոլար թէյավճար:
Հաղորդման ժամանակ Էտկար իր ապշահար տպաւորութիւններուն մասին պատմած է: Ան կը կարծէր, թէ պիցցա պիտի մատակարարէր միայն յետնաբեմին նստած սենարիստներուն ու բեմադրիչներուն:
Էլէնը անոր ըսած է, որ հետեւի իրեն, եւ յանկարծ յայտնուած է բեմին: Ան Էլէնին պատմած է, որ շատ յուզուած է` տեսնելով իր սիրելի դերասանուհին` Ճուլիա Ռոպերթսին: Էտկարը խոստովանած է, որ Ճուլիան նման էր իր երազանքներու կնոջ` ծիծաղ յառաջացնելով հանդիսականներու շարքին:
Հաղորդման աւարտին տաղաւար բերուած են մի քանի տասնեակ պիցցաներ` ներկաներուն հիւրասիրելու համար:
Իրադարձութիւնը մեծ իրարանցում յառաջացուցած է պիցերիոյ մէջ, որուն սեփականատէրը Արօ Աղախանեան ABC-ի հետ զրոյցին յոյս յայտնած է, որ իրադարձութիւնը թոյլ պիտի տայ կրկնապատկել վաճառքը պիցերիոյ 20 կէտերուն մէջ: