«Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով, Անթալիոյ նահանգապետ Ֆաթմա Քայաօղլու հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն մը: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ «Պիրկիւն» օրաթերթը:
Քայաօղլու կը նշէ. «Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցաւ 11 տարի: Մեր եղբայրը ո՛չ միայն հայ էր, այլ նաեւ` քիւրտ, թուրք, լազ, պոսնիացի, վրացի, ասորի, արաբ, քրիստոնեայ, իսլամ, եզիտի, ալեւի: Ան կը կրէր ժողովուրդներու համերաշխութեան համընդհանուր բարութիւնը»:
Նահանգապետը կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական դրսեւորումները յաճախ կը հանդիսանան օրինական երեւոյթ, իսկ ազգայնամոլներու յարձակումները կ՛որակուին «ժողովուրդի բնական արձագանգ»:
«Եւ ահա այդ ազգայնականութեան զոհը դարձաւ Տինքը», շեշտած է ան:
«11 տարիէ ի վեր արդարութիւն եւ խիղճ կը փնտռենք, բայց չե՛նք գտներ: 11 տարիէ ի վեր կը դիմենք դատաիրաւական համակարգին, կառավարութեան, խորհրդարանին, սակայն արդիւնք չկայ: 11 տարիէ ի վեր մենք փողոցի վրայ կը խօսինք ա՛յն մարդասպաններուն մասին, որոնք կանգնած են սպանութեան ետին, սակայն անոնք մեզ չեն լսեր: Հրանդը սպաննողներուն եւ անոնց աջակիցներուն անգամ մը եւս կը յիշեցնենք. դուք այլեւս չէք կրնար իրականացնել նման սպանութիւն: Այս հողերուն վրայ տակաւին կ՛ապրին Հրանդներ եւ անշուշտ պիտի շարունակեն ապրիլ», ըսած է Անթալիոյ նահանգապետը:
Յիշեցնենք, որ Տինք սպաննուած էր 19 յունուար 2007-ին: 2012-ին, դատարանի որոշումով` Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, իսկ սպանութիւնը իրականացուցած Օկիւն Սամասթը դատապարտուեցաւ 22 տարուան բանտարկութեան: 2014-ին Պոլսոյ ծանր յանցանքներու դատարանը որոշեց Տինքի սպանութեան գործը վերաքննել: