Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

1+2 Ձեւաչափի ուրուագծումը` փոխան 3+3-ի

Ակնարկ

November 4, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Շահան Գանտահարյանը դանդաղ տեղաշարժ է նկատում Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնության հասնելու հարցում

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Պաշտօնական Թեհրանէն հնչած յայտարարութիւններուն ամէնէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ իրանական ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնել Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ անցք ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ` Արեւելեան Ազրպէյճանի Նորտուզ գիւղով: Խօսքը ըստ էութեան Պարսից ծոց-Սեւ ծով ուղղութեան մասին է:

Անշուշտ նոր չէ Հայաստանի տարանցիկ կարգավիճակի այս կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրը: Խնդիրը այն է, որ յաճախ կ՛արծարծուէր այս առաջադրանքը, միշտ կը խօսուէր անոր անհրաժեշտութեան մասին, կ՛ընդգծուէր, որ երկու երկիրներուն համար բեկումնային նշանակութիւն կրնար ունենալ նման կամրջում մը, այնուամենայնիւ գործնականացումը կ՛ուշանար:

Խնդիրը շրջափակուած Հայաստանին չնպաստաւորելը չէր, որքան Իրանի մեկուսացումը պահպանելը: Ի վերջոյ Իրանը Հայաստանի եւ Վրաստանի ճամբով կրնար դուրս գալ դէպի Սեւ ծով եւ այնուհետեւ դէպի Եւրոպա: Այս ճամբան էր, որ միջազգային ընտանիքը փակ կը պահէր Իրանի դիմաց:

Հիմա աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան պէտք է կապել ծրագիրին դէպի առարկայացում թեքումի նախադրեալներու տեսանելիութիւնը: Պաշտօնապէս կը յայտարարուի իրանական ընկերութիւններու այս առումով պատրաստ ըլլալը: Կը յայտարարուին ճանապարհաշինութեան, նոր փապուղիներու կառուցման, եւ ենթակառուցուածքի վերաբերող համապատասխան ծրագիրներ: Ընդ որում կը ճշդուին շինարարական աշխատանքներու մեկնարկի ժամկէտներ:

Յայտնապէս Թեհրանը ստացած է որոշ նշաններ, որոնց հիման վրայ ալ ծրագիրի գործնականացման յայտարարութիւններ կը կատարէ: Երեւոյթը սերտօրէն կ՛առնչուի Իրան-Հայաստան սահմաններու անփոփոխելիութեան սկզբունքին բազմիցս յայտարարուելուն կամ Թեհրանի նախաձեռնած Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան հաստատելու գործողութիւններուն հետ:

Դէպի Եւրոպա Իրանի ելքը Սիւնիքէն կ՛անցնի: Այդ ելքը այլ ուժերու վերահսկողութեան տակ անցնիլը չի բխիր Իրանի շահերէն: Իսկ այստեղ արդէն կ՛ամբողջանայ խճանկարը նախագահ Ռայիսիի յայտարարութեամբ, թէ տարածաշրջանին մէջ օտար միջամտութիւնները խնդիրներու դուռ կը բանան:

Օտար միջամտութիւններու բացառման սկզբունքը, Իրանէն հնչած, նախ եւ առաջ մտաբերել կու տան եւրոպական դիտորդներու, փաստահաւաք խումբերու թէ կարիքներու ուսումնասիրութեան առաքելութիւններու ժամանումը իրանամերձ գօտիներ. կամ` ամերիկեան դիւանագիտութեան եռուզեռ Սիւնիքի շրջան: Բայց միաժամանակ նաեւ` բացառում միջանցքի գաղափարի եւ թուրքեւազրպէյճանական ներկայութեան: Կը թուի նաեւ, որ այս հարցով, Իրանի շահերէն չի բխիր միջանցքին ռուսական վերահսկողութիւնը: Իրանը, ուղիղ փապուղիով, ճանապարհով, երկաթուղիով թէ տարանցիկ անցքով ելք կ՛ուզէ դէպի Սեւ ծով: «Օտար միջամտութիւններ» բառակապակցութիւնը յատկանշական է եւ կը ներառէ բոլորը:

Հին յանկերգի գործնականացման միտող առաջին յայտարարութիւնները անպայման պէտք է դիտարկել հաւաքական Արեւմուտք-Իրան բանակցութիւններով: Վիեննան այս առումով ընթացք հունաւորող է: Իրանի ապամեկուսացման ճանապարհային քարտէս հունաւորող այս յայտարարութիւններուն առընթեր կարեւոր է նկատել Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ  կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հրապարակուած լրատուութիւնը. կողմերը քննարկած են հակաիրանական պատժամիջոցներու վերացման շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններու վերջին զարգացումները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը, ինչպես նաեւ` ուքրանական պատերազմը:

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան միջնորդական դերով Իրանի ուղերձները Միացեալ Նահանգներուն փոխանցելուն` Իրանի բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած է , որ Իրանը պատրաստ է լաւ, ամուր եւ տեւական համաձայնութեան հասնելու:

Վերադառնանք Հայաստանի տարանցիկութեան կարելիութեան: Թէեւ Թեհրանը Հայաստանը Պարսից ծոցին կապելու մասին կը խօսի, սակայն նոյնքան պարզ է, որ այդ տարանցիկութիւնը պիտի աշխատի երկկողմանիօրէն եւ Իրանը պիտի կապէ Սեւ ծովուն:

Այս գործընթացները մտածել կու տան, որ 3+3 ձեւաչափի փոխարէն 1+2-ն է, որ սկսած է ուրուագծուիլ` Իրան-Հայաստան-Վրաստան ուղղութեամբ:

 

Previous Post

Putin rewriting siege warfare rules in bid to break Ukraine

Next Post

ՀՀ կառավարությունը տեղահանված արցախցիների համար բնակարանի ձեռքբերման աջակցության ծրագրին կուղղի 2 մլրդ դրամ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.