Լիբանանի մէջ Աղէտները հակակշռելու ազգային խորհուրդի գործադիր գրասենեակը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ երկրին մէջ «Քորոնա» համաճարակին իրականութիւնը քննելէ ետք խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ երկուշաբթի, 12 ապրիլ 2021-էն սկսեալ կրակմարի դրութիւնը սկսի երեկոյեան ժամը 9:30-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00` մէկ ամսուան համար:
Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին այն անհատները, որոնք բացառութիւն կը նկատուին, իսկ անոնք, որոնք 9:30-էն ետք ճամբայ պիտի ելլեն` ուղղուելու համար հիւանդանոց, դեղարան, պենզինի կայարան եւ հանրախանութ, պէտք է արտօնութիւն ստացած ըլլան covid.pcm.gov.lb կայքէն:
Խորհուրդը հոգեւոր հեղինակութիւններէն խնդրեց յանձնառու մնալ «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ, որ աղօթավայրերը չխճողուին, այլ միայն 30 առ հարիւրով լեցուին:
Երեկոյեան ժամը 9:30-էն ետք Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուող անհատները պէտք է իրենց հետ ունենան իրենց ճամբորդական տոմսին օրինակը:
Ռամատանի առիթով կազմակերպուելիք իֆթարները, ճաշկերոյթներու եւ ընթրիքներու հրաւէրները կը ջնջուին, իսկ բարեսիրական այն միութիւնները, որոնք ճաշ պիտի բաժնեն, պէտք է ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստանան:
Լիբանանի մէջ Աղէտները հակակշռելու ազգային խորհուրդի գործադիր գրասենեակին հրապարակած շրջաբերականը կը նշէ, թէ բանջարեղէնի շուկաները, մսագործներն ու ձկնավաճառները մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 իրաւունք ունին բաց պահելու իրենց վաճառատուները:
«Փուռերը, հանրախանութները, պենզինի կայարանները, դեղարաններն ու հիւանդանոցները շուրջօրեայ դրութեամբ կը գործեն: Մինի մարքեթները, անուշավաճառներն ու ճաշարանները կը գործեն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:30, պայմանով որ ճաշարանները իրենց կարողութեան 50 առ հարիւրով գործեն», նշուեցաւ շրջաբերականին մէջ: