Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«13 Սնտուկներու Յիշողութիւնը» Շարժապատկերը՝ Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայկական Ժառանգութեան Մասին

March 23, 2017
in Գաղութահայ Կեանք
0
«13 Սնտուկներու Յիշողութիւնը» Շարժապատկերը՝ Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայկական Ժառանգութեան Մասին

ՓԼՈՎՏԻՒ (Պուլկարիա).- 27 Փետրուարին, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ ցուցադրութիւնը «13 Սնտուկներու Յիշողութիւնը» վաւերագրական շարժապատկերին, որ նկարահանուեցաւ Հայկական մշակութային եւ տեղեկատուական կեդրոնին աջակցութեամբ: Առաջին ցուցադրութեան ներկայ եղան Փլովտիւի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան, համայնքի անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

«Շարժապատկերը կը պատմէ այն հայերուն մասին, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք կրցան ողջ մնալ եւ Մարմարա ծովուն ափի իրենց ծննդավայրը ձգելով՝ 1922ին հաստատուեցան Պուլկարիա: Անոնք Ռոտոսթօ քաղաքէն իրենց հետ բերին ոչ թէ իրենց անձնական իրերն ու հարստութիւնը, այլ կրցան մոռացումէն ու ոչնչացումէն փրկել եկեղեցական սրբութիւնները: Ռոտոսթօ քաղաքի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ պահուող իրենց նախնիներու պատրաստած ամենագեղեցիկ եւ ամենաթանկ սրբութիւնները կրցան տանիլ 13 սունտուկներով, որոնք այսօր կը պահպանուին քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թանգարանին մէջ», «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցին ըսաւ Փլովտիւի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան, որ աւելցուց, թէ Պուլկարիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած իրենց նախնիներու պատմութիւնն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան,100 եւ աւելի տարիներ երկարող ցաւին մասին:

«Շարժապատկերի նկարահանումներուն մասնակցած մարդիկ սիրով համաձայնեցան իրենց սիրտերը բանալու եւ պատմելու մեր պատմութեան դէպքերը փաստող էջ մը, իրադարձութիւններ, զորս մենք կը կարենանք փոխանցել մեր նոր սերունդներուն», նշեց Աղաւնի Գէորգեան:

Շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Պուլկարիոյ զանազան քաղաքներու հայկական համայնքներուն մէջ:

«Ասիկա Փլովտիւի հայկական համայնքի պատրաստած 3րդ շարժապատկերն է: 2016 Մայիսին Պուլկարիոյ հանրային պատկերասփիւռի կայանին ցուցադրուած ֆիլմին ընթացքին մենք պատմած ենք համայնքի երաժիշտներուն, դերասաններուն եւ արուեստագէտներուն մասին, որոնցմով մենք շատ կը հպարտանանք: Երկրորդ շարժապատկերը հայկական աւանդական ուտելիքներու մասին էր: Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին նուիրուած շարժապատկերը՝ «13 Սնտուկներու Յիշողութիւնը», կը նուիրենք մեր համայնքին եւ մեր ազգին», նշեց Աղաւնի Գէորգեան:

Previous Post

Ակնարկ. Տուրքի Դիմաց Ծառայութիւն

Next Post

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւնը Եւ ՀՀ Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւնները

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.