Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Շատ ազնիւ քայլ մըն է անկասկած. կազմակերպիչներուն ձեռնարկը: Քաջալերելի է կազմակերպութիւններուն գործը եւ ծափահարելի: Մեզի կը մնայ երախտագիտութիւն յայտնել եւ տէր կենալ մեր խոստումներուն: Բայց…
Բայց… ա՜խ, կրկին այս «բայց»ը: Գալիֆորնիա նահանգի շուրջ մէկ միլիոն բարեկեցիկ հայութիւնը, ոչ արհամարհելի թուով գործարարները, բարձրավճար պաշտօնեաները, բժիշկները, ճարտարապետներ, ճարտարագէտները, նպարավաճառները, ճաշարան-ռեստորանները եւ այլ հիմնարկներ վայրկեան մը անկեղծ գտնուելով իրենք իրենց հետ հարց տան, թէ արդեօք կ’ընդունի՞ն որ երես ճերմկցնող գումար մըն է հաւաքուածը խոցուած լիբանանահայութեան համար: Թող ամէն մէկը իրեն պահէ իր պատասխանը: Որպէս Պէյրութ ծնած եւ մինչեւ 21 տարեկան Միջերկրականի ափին ու Լեռնալիբանանի չքնաղ վայրերուն մէջ ամառային գեղեցիկ ամիսներ անցուցած ձեր խոնարհ ծառան յանցաւոր կը զգայ այժմ: Կը գիտակցիմ եւ տեղեակ եմ որ շատեր անմիջապէս առաջին օգնութեան հասան իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն՝ պայթումին յաջորդող օրերուն: Աստուած թող կրկնապատկէ իրենց գրպանները, բայց մի՞թէ ամօթալի չէք գտներ $1,4 միլիոնը…
Հաւատացած եմ որ մենք կարճ ատենուան մէջ կը քառապատկենք վերոնշեալ գումարը:
Մի՛ հիասթափեցնէք զիս: