Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

14-25 Յունուար Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուեցաւ Լիբանանի Մէջ

January 12, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Defense Council Declares Jan 14-Jan 25 State of Emergency, Lockdown

Արտակարգ դրութիւն յայտարարելու նախօրեակին, լիբանանցիները (անոնք, որոնք կարողութիւն ունին), երէկ փութացին հանրախանութներն ու փուռերը, եւ մեծաքանակ ուտեստեղէն գնեցին` բնակարանային մեկուսացումին ընթացքին սոված չմնալու մտահոգութեամբ:

Երկրին մէջ ստեղծուեցաւ ահռելի խուճապ մը, որ վստահաբար պսակաւոր  ժահրի տարածման պիտի ծառայէ` ի վնաս ժողովուրդին առողջութեան:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նիստին ներկայ էին հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետեր, բժշկական եւ հիւանդանոցային մարզերու պատասխանատուներ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Տիապի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին իրավիճակը:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին նախագահ Աուն պահանջեց Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարել` ընդգծելով, որ հիւանդանոցներուն դիմաց արձանագրուող աղէտալի պայմանները արմատական լուծումներ կ՛ենթադրեն` մեղմացնելու համար համաճարակին տարածումը:

Իր կարգին, Տիապ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի առողջապահական մտահոգիչ կացութեան մը դիմաց, որովհետեւ պսակաւոր ժահրի համաճարակը հակակշիռէ դուրս եկած է եւ ահռելիօրէն կը տարածուի:

Ան նշեց, որ այս իրավիճակը լիբանանցիներուն յամառութեան եւ պետութեան պարտադրած միջոցառումներուն դէմ ըմբոստանալու պատճառով է:

Տիապ նշեց, որ երկրին բոլոր հիւանդանոցները լեցուն են վտանգաւոր եւ զգայուն պարագաներով: «Եթէ այս վիճակը շարունակուի, ապա ժողովուրդը հիւանդանոցներուն դիմաց պիտի մնայ, եւ պսակաւոր  ժահր համաճարակի դիմակայման առումով Լիբանան շատ աւելի վատ օրինակ մը պիտի ըլլայ, քան` Իտալիան»:

Տիապ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը որոշում տուած է, եւ պէտք է այդ որոշումը յարգել` առանց խախտումներու:

Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն լիբանանեան բանակը 400 հազար լ. ոսկիի նիւթական օժանդակութիւնը պիտի շարունակէ ցրուել շուրջ 280 հազար լիբանանցի ընտանիքներու:

Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ խորհուրդը Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է հինգշաբթի, 14 յունուարէն  մինչեւ երկուշաբթի, 25 յունուար:

Այսինքն` 14-25 յունուար լիբանանցիներուն արգիլուած է փողոց իջնել:

Ասմար նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի շարունակէ գործել:

Ան նշեց, որ Պաղտատէն, Պոլիսէն, Ատանայէն, Գահիրէէն եւ Ատիս Ապեպայէն Լիբանան հասնող թռիչքներու ճամբորդներուն 85 առ հարիւրը պսակաւոր ժահրով վարակուած կ՛ըլլան, հետեւաբար անոնք ստիպուած են 7 օրուան համար պանդոկի մը մէջ մեկուսանալ, իւրաքանչիւր ճամբորդ իր հաշուոյն:

«Անոնք իրենց ժամանումին օրը պիտի ենթարկուին առաջին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, իսկ վեցերորդ օրը` երկրորդ քննութեան», ըսաւ ան:

Ասմար նշեց, որ օդակայանը պէտք է գործէ աւելի սահմանափակ թիւով` ընդգծելով, որ 2020 դեկտեմբերի ճամբորդներու թիւին բաղդատած օդակայանը միայն այդ թիւին 20 առ հարիւրով պէտք է գործէ, իսկ այդ ճամբորդները իրենց ժամանումին օրը պիտի ենթարկուին առաջին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, շուրջ 72 ժամ մեկուսանան պանդոկի մը մէջ, իսկ վեցերորդ օրը ենթարկուին «Փի. Սի. Ար.»-ի երկրորդ քննութեան:

Ասմար նշեց, որ երկրին ծովային եւ ցամաքային սահմանները պիտի մնան փակ, բացի տարանցիկ դրութեամբ ժամանողներէն:

Ասմար կոչ ուղղեց նախարարութիւններուն իրենց կարելիութեան 10 առ հարիւրին համաձայն գործելու, բացի ելեւմուտքի նախարարութենէն, որ իր կարողութեան 50 առ հարիւրին համաձայն պէտք է գործէ:

Ան հաստատեց, որ դպրոցները, համալսարանները, պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները, հանրային պարտէզներն ու խաղավայրերը փակ պիտի մնան, իսկ ծովեզերքը քալելու դրութիւնը արգիլուած է:

Ասմար պահանջեց, որ դատական իշխանութիւններն ու ապահովական կառոյցները յաւելեալ խստութեամբ գործադրեն արտակարգ դրութեան օրէնքը:

Դրամատուները իրենց կարգին փակ պիտի մնան, պայմանով որ ելեկտրոնային դրամարկղերը լեցուն ըլլան, եւ իւրաքանչիւր դրամատուն առողջական պատճառներով ծառայութիւն մատուցելու թէժ գիծ ունենայ:

Ասմար նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է թելադրէ հոգեւոր հեղինակութիւններուն, որպէսզի բոլոր աղօթավայրերը փակուին, իսկ կրօնական բոլոր առիթները ջնջուին:

Փակ պիտի մնան նաեւ բախտախաղի բոլոր սրահներն ու կեդրոնները, ինչպէս նաեւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը:

Ասմար նշեց, որ այս որոշումէն կը բացառուին բանակը, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատանքի խմբակները, ընկերային ապահովագրութեան ընկերութիւնները, որոնք բուժման ծառայութիւններ պէտք է վաւերացնեն, դեղագործները, բժիշկներն ու հիւանդապահները, հիւանդանոցներու անձնակազմերը, Կարմիր խաչը, Միջազգային կարմիր խաչը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, հրշէջները, Ելեկտրականութեան ընկերութեան անձնակազմերը, նաւթի մթերման մարզը, Ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնն ու «Օժերօ»-ն, Կեդրոնական դրամատունը` իր նուազագոյն անձնակազմով, դիւանագիտական անձնակազմերը, ինչպէս նաեւ լրագրողները:

Ասմար նկատել տուաւ, որ դեղարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կրնան գործել, փուռերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00, հանրախանութները առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, պայմանով որ միայն առաքում կատարեն:

Previous Post

Turkey sovereign wealth fund turns into debt fund – report

Next Post

Փաշինեանի, Փութինի Եւ Ալիեւի Հանդիպման Հիմամբ Ընդունուած Յայտարարութեան Բովանդակութիւնը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.