ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի «Հայ Շարժում» թերթի Մարտ ամսուան թիւին մէջ, ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայագիտական ծրագիրին համար «Թրեկոնինկ» հիմնադրամը հաստատելու նպատակով, Էվլին Շահրոյեան-Թրեկոնինկի անուան հաստատութենէն 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարուած է։
Յունիս 1, 2014ին մահացած Էվլին Շահրոյեան-Թրեկոնինկ զաւակն էր Ֆրեզնոյի մօտակայ Սենկըր քաղաքը հաստատուած հայ ներգաղթողներու, եւ ուսման նկատմամբ յատուկ սէր ունէր։ Ան 35 տարի աշխատած է Օքլընտի վարժարաններէն ներս ու համալսարանական դասընթացքներու հետեւած է յատկապէս պատմական նիւթերու հանդէպ իր հետաքրքրութիւնները գոհացնելու համար։
Միւս կողմէ, Լիան Փիթըրզի անուան հիմնարկութենէն 30,000 տոլարի յատկացում մը կատարուած է Հայագիտական ծրագիրին՝ 2015 տարուան համար, շարունակելով Հայագիտական ծրագիրի դասախօսական շարքին, ինչպէս նաեւ այլ գործունէութեանց ու կրթանպաստներ տրամադրելու ջանքերուն նեցուկ կանգնելու իր տարիներու աւանդութիւնը:
Ֆրեզնոյի Հայագիտական ծրագիրը նաեւ 11,000 տոլար նուիրատուութիւն մը ստացած է Պըրթա եւ Ճան Կարապետեան հիմնարկութենէն՝ 2015 տարեշրջանին համար, ցարդ հիմնարկութենէն կատարուած նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասցնելով 100,000 տոլարի։ Գումարը պիտի յատկացուի կրթանպաստներ տրամադրելու եւ համայնքային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով։