Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 16 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին գլխաւոր դատախազութեան շէնք:
Հանրահաւաքին մասնակիցները նաեւ պիտի շարժին դէպի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք, ուր յայտարարութիւն մը պիտի յանձնեն դիւանագէտներուն:
16 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հանրահաւաքին ներկայացուցին Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին գնահատականը եւ հետագայ գործողութիւններուն ճանապարհային քարտէսը:
Պայթունավտանգ այս կացութեան մէջ Հայաստանի Ազգային Ժողովը կը քննարկէ Գագիկ Ծառուկեանը երեսփոխանական լիազօրութիւններէ դադրեցնելու հարցը: