Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

175 Տարիներու աւանդը

August 27, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
«Հայի համար չէ հուսահատություն ասվածը…»
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Հայատանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է։ Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց։ Իր նպատակը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել էր հոգեւոր-մտաւոր արժէքներ, որուն հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Եւ Աստուածաշունչը կարդալը եւ ընկալելը բոլոր հայորդիներու համար է առանց տարիքի եւ ուսման մակարդակի։ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր այս առաքելութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով բայց նոյքնան նաեւ կրթական,ընկերային,մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս։ Պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսած եւ արեւելեան Հայաստան ու Արցախ՝եւ այսօր սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ՝Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեանը մէջ։ Ան այսօր կը շարունակէ իր ընթացքը սատարելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին։
Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին չի հաւատաց ու մինչեւ այսօր թիւի ուժին։ Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդին կեանքի շարունակականութեանը։ Հոգեւոր ուժն է որ կը կերտէ կեանք։ Պատմութիւնը կը կերտուի եթէ թիւով բայց շատ աւելի հոգեմտաւոր կարողականութեամբ եւ զօրութեամբ։ Այս իմաստով, հայ ժողովուրդի կեանքին վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ, Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը հայուն հայապահպանումի եւ ազգապահպանումի կեանքի պատմութիւնը դնելով շարունակական գործընթացի մէջ։ Եթէ պատմութիւնը իր անցեալով բայց նոյնքան այսօր ու ապագայի տեսլականով։
Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադիր քառասուն անդամներուն։ Բայց նոյնքան նաեւ անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր եկեղեցական ու աշխարհական միտքին, որոնք ոչ մէկ ճիգ չի խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները ու անոնց գնահատումը վառ պահելու համար։
Շնորհաւոր 175 ամեակ եւ բարի երթ նոր ամեակներու։ Նոր ամեակներ բայց մէկ կարեւոր տեսլական։ Քրիստոսի, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդումին ի խնդիր։
Եւ այս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է որ պիտի շարունակուի։
Previous Post

Կարօ Փայլան իր դէմ մահափորձին վերաբերեալ հարցադրումներ ներկայացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին

Next Post

Iran plans to increase export volumes to Armenia up to $1 bln

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.