«Արմէնփրես»-ի հաորդմամբ, Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ պատարագ մատուցուած է: «Արմէնփրես» սոյն տեղեկութիւնը քաղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Դիմատետրի էջէն:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման վերջին աշխատանքները սկսած էին 2012 թուականին եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու, պետութեան հետ առնչուած հարցերու, ինչպէս նաեւ ոչ բաւարար պիւտճէի պատճառով մինչեւ 2021 թուական չէին աւարտած: 2021 թուականին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, եւ եկեղեցին 106 տարի ետք պատարագով կրկին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով վերակառուցուելէ ետք, եկեղեցին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն: