ՊԱՅՔԱՐ շաբաթաթերթ -169
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Նորերս Կ. Պոլսոյ «Սոսիալ Թարիհ Եաեընլարը» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Սահմանակից երկրներու վարչութեան պետ, Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Պետական Համալսարանի փրոֆեսոր Արսէն Աւագեանի «Մթութեան Մէջ Մնացած Գործիչ Մը՝ Իթթիհատական Կոմունիստ Սալիհ Զէքի (Քուշարքով)» գիրքը թրքերէնով:
Նախ ամփոփ ներկայացումը այս ճիւաղին մասին: Սալիհ Զէքի պէյ, հետագային՝ փաշա, Հայոց Ցեղասպանութեան տխրահռչակ դահիճներէն մէկն է, որուն անունը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող գրեթէ իւրաքանչիւր հայու յուշագիրքին մէջ կը յիշուի: Անոր գործունէութիւնը կ՛ամփոփուի հետեւեալ քանի մը բառերու մէջ՝ ձերբակալութիւն, բանտարկութիւն, կաշառակերութիւն, խոշտանգում, սպանութիւն եւ բռնագաղթ, որոնց կը հետեւին հաւաքական կոտորածներ: Անոր մասին ի շարս այլոց կը խօսի Հայասպանութենէն վերապրած յուշագրող Տիգրան Ճեպեճեան, իր «Ապրուած Օրեր Հայասպանութենէն. Տէր Զօր, 1915» խորագրեալ յուշագիրքին մէջ (տեսնել իմ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Գիրք Ա., Պէյրութ, 2010, էջ 242-243»): 27 տարեկան Տիգրան Ճեպեճեան ընտանիքին հետ 1915-ի Օգոստոսին յիսուն հայ բռնագաղթուած ընտանիքներու խումբով Այնթապէն ճամբայ կը հանուի, զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ քանի մը ամիս աքսորական ապրելէ յետոյ Տէր Զօր կը հասնի:
Կարաւանին Տէր Զօր հասնելէն ետք, տեղւոյն հայանպաստ ու ազնիւ արաբ կուսակալ Ալի Սուատ պէյին, Թալաաթի հրամանով արիւնարբու չէչէն Սալիհ Զէքի պէյը կը փոխարինէ: Զէքիի Տէր Զօր հասնելէ ետք կացութիւնը կը վատթարանայ: Ան Ռաքքայէն մինչեւ Տէր Զօր Եփրատի գետեզերքը սփռուած աքսորական բոլոր հայերը Տէր Զօր բերել կու տայ ու մօտաւորապէս 100 հազար հայ բռնագաղթուածներ հոն կը համախմբէ: Զէքի յայտարարել կու տայ սուտ լուր մը, ըստ որու կառավարութիւնը եւ զինուորականութիւնը իրարու հետ համաձայն չէին եւ անոնք որոնք զինուորականութեան կը յարին՝ Ռաս-իւլ-Այնէն պէտք է մեկնին, իսկ կառավարութեան յարողները գետին միւս կողմը՝ Ճեզիրէ պիտի տարուին:
Նախապէս ան ահռելի կոտորած մը ծրագրած էր եւ հիմա պարզապէս իր փափաքած ձեւով որոշ տեղափոխութիւններ կը գործադրէր: Ան հայ աքսորեալները երկու մասերու կը բաժնէ, հաւանական ապստամբութեան մը արգելք դնելու համար: Պանդոկները ապաստանած հայերը Եփրատի ափերուն սպաննուելով կը ջարդուին, իսկ մնացեալ հայերը Խապուր գետին եզերքը տարուելով կը կոտորուին: Շատ քիչեր ողջ կը մնան: Զէքի անոնց հրաման կու տայ այրերը կիներէն բաժնել, որմէ ետք այրերը դէպի Սուար կը քշուին: Յուշագիրքին հեղինակը՝ Տիգրան Ճեպեճեան կարեւոր կէտ մը կը շեշտէ ըսելով, թէ պէտք չէ կարծուի որ հազարաւոր հայեր միայն երկու թուրք ոստիկաններու հսկողութեան տակ կը տարագրուէին: Իրականութիւնը տարբեր էր: Կարաւանին մօտերէն գաղտնի կերպով 50-ի չափ զինուած չէչէններ եւ 200 կառավարական ոստիկան-զինուորներ կը քալէին:
Վերոյիշեալ նկարագրութիւնը 1916-ի հայոց Տէր Զօրի կոտորածներու ժամանակաշրջանին կը պատկանի՝ յուշագրող Տիգրան Ճեպեճեանի վկայութեամբ: Ասոր մասին գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ վկայութիւններ, որոնք կը փաստեն թէ ոճրագործ Զէքի մօտաւորապէս 200 հազար հայեր կոտորած է հոն:
Երկրորդ վկայութիւն մը կը գտնենք հայոց դահճապետներէն Զէքի պէյի գործած հրէշութիւններուն մասին, որ կու գայ փաստելու առաջինին վկայութիւնը, ան Միհրան Աղազարեանի «Աքսորականի Յուշեր- Տարի Մը Տէր Զօրի Մէջ» խորագրեալ յուշագիրքն է (տեսնել իմ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Գիրք Բ., Պէյրութ, 2011, էջ 103-105»): Հոն կը նշուի, թէ 1916-ի ձմրան Տէր Զօրի մէջ հայ բռնագաղթուածներու վիճակը սաստիկ կը վատթարանայ: Ժողովուրդը տեղատարափ անձրեւի տակ անպաշտպան թողուած էր: Օրական 300-350 մեռեալներ կ՛իյնային, որոնք ջուրերու հոսանքին կը տրուէին: Այս միջոցին Էվէրէկի նշանաւոր հայակեր ու ոճրագործ Սալիհ Զէքի պէյ Տէր Զօրի Միւսթաքիլ մութասսարրիֆ (անկախ նահանգապետ) կը նշանակուի յաւելեալ իրաւասութիւններով, փոխարինելով հայանպաստ Ալի Սուատ պէյը, որ արաբ էր:
Սուտ պատրուակով Զէքի պէյ հայերը Ճեզիրէ կ՛աքսորէ ու բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կը կատարէ հայ երիտասարդներու շարքերէն: Հալէպէն Տէր Զօր կու գայ թուրք ծովային հրամանատար մը եւ հայ երիտասարդները կը հաւաքէ ամելէ թապուրի (աշխատանքային վաշտ) մէջ աշխատցնելու: Զէքի փաշա կը հակառակի այս միջոցառումներուն, որովհետեւ հայ երիտասարդները պիտի արտօնուէին քաղաքին մէջ մնալ իրենց ընտանիքներով: Ան հրաման կ՛արձակէ որ հայերը խումբ առ խումբ հաւաքուին եւ մօտակայ Մարաթ գիւղը տարուին, անկէ ալ Սուար՝ կոտորուելու: 1916-ի Օգոստոսէն մինչեւ Հոկտեմբերի վերջը, Սուար-Շետտատէ- Հասիչէ շրջանին մէջ ջարդուած հայոց ընդհանուր թիւը 110 հազարի կը հասնի, իսկ անապատներու եւ շրջակայ վայրերու մէջ հիւանդութիւններէ մահացողներու թիւը՝ 70 հազարի: Զեքիի հրամանով Մարաթէն դէպի Սուար ճամբուն վրայ 2460 հայ որբեր կը կոտորուին, ըստ յուշագրող Միհրան Աղազարեանին:
Երրորդ վկայութիւնը ջարդարար Զէքիի հրէշութիւններուն մասին կու գայ Շաւարշ Միսաքեանէն, որ կ՛ըսէ. «Մարզպետ երբ Կեսարիոյ բանտն էր, թանկագին տեղեկագիր մը պատրաստեց բանտի կեանքին վերաբերեալ: Ղեկավարն էր Զէքի պէյ անունով հրէշ մը, որ ետքը Տէր Զօր երթալով կատարեց 60 հազար հայոց կոտորածը: Զէքի ցերեկները կը քնանար եւ գիշերները բանտ գալով անձամբ կը գործադրէր հայոց չարչարանքները: Անոր ձեռքով Համբարձում Պոյաճեանն ու Գէորգ Վիշապեանը կախաղան բարձրացան» (տեսնել իմ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Գիրք Գ., Պէյրութ, 2011, էջ 243-245):
Սակաւաթիւ հայեր յաջողած են Զէքիի սպանդանոց դարձուցած Տէր Զօրէն դէպի Հալէպ փախչիլ ու մահէն ազատիլ: Այս ջարդերը աւարտելէ ետք ոճրագործ Զէքի հրապարակէն կ՛անհետանայ: Մինչեւ վերջերս անոր անհետացումը առեղծուած մըն էր եւ հաւանաբար այդպէս ալ կը շարունակուէր մնալ, եթէ հայրենի դիւանագէտ դոկտ. Արսէն Աւագեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Սահմանակից Երկիրներու բաժնի պետ, Պատմական Գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս, իբրեւ արդիւնք իր երկարամեայ հետազօտութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն չյայտնաբերէր Սալիհ Զէքիի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնք ամփոփած է նորերս լոյս տեսած իր «Մթութեան Մէջ Մնացած Գործիչ Մը՝ Իթթիհատական Կոմունիստ Սալիհ Զէքի (Քուշարքով)» թրքերէն աշխատութեան մէջ, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրէս»ի մէկ տեղեկատուութիւնը: Հեղինակը օսմանեան, ռուսական եւ վրացական աղբիւրներ օգտագործած է իր այս գործին համար: Վեց տարուան ուսումնասիրութեան ընթացքին դոկտ. Աւագեան օսմանեան աղբիւրներու մէջ հանդիպած է Սալիհ Զէքիի նոյնանման 210 անուններու եւ կրցած է զանազանել իր փնտռածը:
Սալիհ Զէքի ծնած է Սամսոն 1883-ին, չէչէն ընտանիքի մը մէջ: Անոր հայրը հիւսիսային Կովկասի Քուպանի շրջանէն Օսմանեան Պետութիւն գաղթած է 1864-ին: Ռուսական աղբիւրները շատ կարեւոր տեղեկութիւններ հայթայթած են Զէքիի մասին: Ան 1925-1933 ապրած է Թիֆլիս եւ ասոր մասին վրացական արխիւները կարեւոր գիտելիքներ փոխանցած են ուսումնասիրողին: Աւելին՝ Զէքի Թիֆլիս գալէ առաջ մեծ դեր խաղցած է Ատրպէյճանի մէջ համայնավարութեան հաստատման համար: Ան 1918-ի Կ. Պոլսոյ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներու դատավարութենէն փախուստ տալով իր շունչը առած է Պաքու, ուր Քուշարքով անուան տակ թաքնուելով, պատեհապաշտ հայեացքով եւ մղումով համայնավար դարձած է: Այս տեղեկութիւնները դոկտ. Աւագեան քաղած է ատրպէյճանական աղբիւրներէ իր մէկ թրքագետ բարեկամին օգնութեամբ: Զէքի Ատրպէյճանի լատիներէն այբուբէնը պատրաստելու յանձնախումբի փոխ պատասխանատուն եղած է: Ատեն մը ան խմբագրած է «Տայ Եըլտըզ» ամսագիրը եւ «Եէնի Ֆիքիր» թերթը Պաքուի մէջ:
Դոկտ. Արսէն Աւագեան իր տեղեկութիւնները հաւաքելով օսմանեան արխիւներէն կ՛ըսէ. «Զէքի Տէր Զօրի կառավարիչ նշանակուած էր Սուրիոյ օսմանեան կառավարիչ Ապտիւլ Խալիք Ռենտայի յանձնարարութեամբ: Վերջինս յայտարարած էր թէ Տէր Զօրի նախորդ կառավարիչը՝ Ալի Սուատ պէյ հայանպաստ կեցուածք ունեցած էր, իսկ կառավարութեան պէտք էր մէկը որ գիտնար սպաննել հայերը»: Զէքիի հրամանով էր որ Օսմանեան Խորհրդարանի անդամ Մեծն Մուրատ իր ութը ընկերներով Կեսարիոյ մէջ կախաղան բարձրացուեցաւ: Տարտանէլի հերոս, օսմանեան բանակի հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի ընտանիքը բռնագաղթի ենթարկողը նոյնպէս Զէքին էր: Տէր Զօր գտնուած միջոցին Զէքի հայ հաւատափոխներու տկար դիրքը կը շահագործէ, անոնց հայեր սպաննել տալու հրամաններ արձակելով, ըսելով թէ պէտք է փաստեն իրենց հաւատափոխութեան իրաւացիութիւնը:
Արիւնարբու Զէքի 1933-ին Մոսկուայի մէջ իր յուշերը ամփոփ կերպով գրի առած էր: Անոնց մէջ ան կը խոստովանի ըսելով. «Տէր Զօրի ահաւոր արիւնալի սպանդներուն պատասխանատուն ես էի», կ՛ըսէ դոկտ. Արսէն Աւագեան:
Կ. Պոլսոյ հայակական թերթերը սխալմամբ հրապարակած էին լուր մը, թէ 1918-ին Զէքի եւ օգնականը ձերբալկալուած էին եւ ապա հայ կամաւորներու կողմէ սպաննուած Պէյրութի մօտերը: Ուրիշ նոյնանման սխալ տեղեկութիւններ ալ հաղորդած էին, թէ ան Սուրիոյ մէջ սպաննուած էր: Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ Զէքիի բոլոր գործակիցները գիտէին անոր ով ըլլալը: Ան նոյնիսկ թիրախ պիտի դառնար հայկական Նեմեսիս վրիժառական գործողութեանց, սակայն բախտի բերմամաբ սպրդեցաւ:
Դոկտ. Արսէն Աւագեանի ուսումնասիրութեան մասին «Արմենփրէս»ի տեղեկատուութեան վերջաւորւթեան կ՛ըսուի, թէ Զէքի մահացած է 3 Նոյեմբեր 1940-ին Մոսկուայի մէջ:
Լսուած է որ իթթիհատական հայաջինջ բորենիներ համայնավարի պիտակի տակ գործած են խորհրդային կարգերու մէջ: Այս աշխատութեամբ փաստագրականօրէն կը բացայայտուի անոնցմէ ամենաարիւնարբուներէն մէկը: Յուսանք այսպիսի բացայայտումներ կ՛ըլլան նաեւ յետագային, ամբողջացնելով Հայոց արդի պատմութեան մութ մնացած բազմաթիւ էջեր: Կը շնորհաւորենք դոկտ. Արսէն Աւագեանը այս իւրայատուկ եւ օգտաւէտ աշխատութիւնը թրքերէնով Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայելուն համար: