28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, որուն էական ծրագիրներէն մէկը կ՛ըլլայ հիմնել երկրորդական վարժարան մը:
Համազգայինի հիմնադիրներէն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթ եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան կու գան Լիբանան, ուր հաստատուած էր յետ Ցեղասպանութեան Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն բռնագաղթի ենթարկուած հոծ հայութիւն մը:
Պէյրութի մէջ Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան կը հիմնեն ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԸ` հաստատութիւն մը, որուն նպատակն էր պատրաստել վաղուան մտաւորական սերունդը, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայոց լեզուին, գրականութեան եւ մշակոյթին զարգացման պատասխանատուութիւնը:
3 մարտ 1930-ին Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ Հայ ճեմարանը կը բանայ իր դռները 15 աշակերտներով: Նախապատրաստական աշխատանքի տարին կ՛երկարի մինչեւ յունիսի վերջը:
Առաջին տարեշրջանին արդէն Հայ ճեմարան կը դիմեն 64 աշակերտներ. կը կազմուին մէկ նախապատրաստական եւ երեք հիմնական դասարաններ: Հիմնադրութեան առաջին տարիէն Ճեմարանը կ՛ունենայ գիշերօթիկ աշակերտներ, որպէսզի այլ երկիրներէ ուսանողներ կարենան գալ եւ հայեցի կրթութիւն ստանալ:
Աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ: Շուտով Ճեմարանը կը փոխադրուի Ուատի Ապու Ժէմիլ թաղին մէջ գտնուող երկյարկանի աւելի ընդարձակ հին շէնք մը:
1935-ին Հայ ճեմարանը կու տայ իր առաջին շրջանաւարտները` թիւով ութ հոգի: Այս սերունդին մեծ մասը ուսուցիչ կը դառնայ Ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ: 1936-ին կը կազմուի Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը:
Յաջորդող տարիներուն Ճեմարանի աշակերտներուն թիւը դարձեալ աճ կ՛արձանագրէ, եւ դասարաններուն թիւը կը շատնայ:
1945-46 տարեշրջանին պետութիւնը քննութեան կ՛ենթարկէ քաղաքի հին շէնքերը, եւ Ճեմարանի շէնքին երկրորդ յարկը վտանգաւոր կը համարուի: Հետեւաբար, յաջորդող երկու տարեշրջաններուն որոշ դասարաններ կը փոխադրուին ծովեզերքը գտնուող Նորմանտի շրջանի շէնքի մը գետնայարկը:
1948-ին Հայ ճեմարանը կ՛ունենայ իր սեփական շէնքը` Զոքաք Էլ Պլաթի Ֆրանսական ծովակալութեան պատկանող պալատը, իր ընդարձակ պարտէզներով, շնորհիւ իրենց վաղամեռիկ եղբօր Նշան Փալանճեանի յիշատակին` Փալանճեան քոյրերու կատարած նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ` Լ. Շանթի Ամերիկայի գաղութէն հանգանակած եւ Հայ օգնութեան միութեան տրամադրած գումարներուն:
Հայ ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 27 մայիս 1950-ին, ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Պշարա-էլ Խուրիի, վարչապետ` Ռիատ Պէյ Սոլհի, հայ թէ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու: Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի նախագահը Լեւոն Շանթը կը պատուէ Լիբանանի Արժանեաց Ա. կարգի ոսկիէ շքանշանով` առ ի գնահատանք կրթական ասպարէզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:
Հայ ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան:
Նիկոլ Աղբալեան կը մահանայ 15 օգոստոս 1947-ին, իսկ Լեւոն Շանթ` 29 նոյեմբեր 1951-ին: Ճեմարանի հիմնադիրները իրենց վստահուած մեծ գործը կատարած էին շնորհիւ իրենց հաւատքին, նուիրումին եւ հետեւողական ճիգերուն: Լեւոն Շանթի մահէն ետք, տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, որ կը շարունակէ աշխատանքը երկու օգնականներով` Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն փորձառու ուսուցիչներ Մուշեղ Իշխան եւ Գառնիկ Բանեան: Առաջինը կը ստանձնէ կրթական, իսկ երկրորդը` վարչական գործերը:
Աշակերտներուն թիւը տարուէ-տարի աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՛որոշեն կառոյցը ընդարձակել ու զայն օժտել առանձին մանկապարտէզով, բնագիտական-քիմիագիտական աշխատանոցով, գրադարան-մատենադարանով, մարզադաշտով, ինչպէս նաեւ` վերաբանալ պատերազմի օրերուն փակուած գիշերօթիկ բաժինը:
Յաջորդող տարեշրջանները կ՛ըլլան վերելքի տարիներ: Տեղի կ՛ունենան թիւ 2 շէնքին հիմնարկէքը, ՀՕՄ-ի մանկապարտէզի բացումը (1953-54), մուտքի թիւ 3 շէնքի կառուցումը, ինչպէս նաեւ` «Վասպուրական» սրահին ու «Ճորճ Մարտիկեան» մատենադարանին եւ թանգարանին բացումները: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:
Ս. Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968-69-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, Ճեմարանի գիտութիւններու ուսուցիչ եւ գիտաշխատանոցի պատասխանատու Հրաչ Տասնապետեան կը դառնայ Ճեմարանի ջահը վառ պահելու յանձնառու տնօրէնը:
21մայիս 1969-ին կը մահանայ Սիմոն Վրացեան: Ան Ճեմարանի հիմնադիրներու ձգած աւանդը ոչ միայն գուրգուրանքով պահած էր, այլ իր բոլոր կարողութիւնները տրամադրած` Հայ ճեմարանի վերելքին եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան:
Ճեմարանի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, մայիս 1970-ին, կը պարգեւատրուին Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն Սիմոն Վրացեանի երկարամեայ գործակիցներ` Գառնիկ Բանեան եւ Մուշեղ Իշխան:
Յաջորդող հինգ տարեշրջաններուն բեղուն տարիներ կ՛ապրի Հայ ճեմարանը. աշակերտներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Հետեւաբար, 1975-ի սկիզբը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ աւելի ընդարձակ Ճեմարան մը կառուցել եւ Անթիլիասի Մըզհերի շրջանին մէջ կը գնէ հողաշերտ մը` շնորհիւ Արսլանեան ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեամբ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ, Ճեմարանը կը դառնայ երբեմն երկճիւղ, նոյնիսկ` եռաճիւղ: Որոշ շրջան մը աշակերտներու փոքր թիւ մը կը մնայ «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, իսկ մեծ մասը կը փոխադրուի նախ ժամանակաւոր կերպով Մարտիկեան վարժարան (Անթիլիասի մայրավանք), ապա երկու տարի` Տըպպայէի Կենաց վարժարան:
1977 մայիսին, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի համալիրի պաշտօնական հիմնարկէքը:
Ճեմարանը կը շարունակէ իր երկճիւղ գործունէութիւնը` Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ Պուրճ Համուտի մուտքին Շաղզոյեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ գնուած շէնքին մէջ:
1987-88 տարեշրջանին արդէն տարիներու երազը իրականութիւն դարձած էր, եւ Համազգայինի Մըզհերի կրթական համալիրի կեդրոնական շէնքին մէկ մասը կառուցուած էր: Նոյեմբեր ամսուն Պուրճ Համուտի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները կը փոխադրուին նոր շէնք, եւ դպրոցական կեանքը կը սկսի Մըզհերի համալիրին մէջ:
20 նոյեմբեր 1988-ին տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի Ճեմարանին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Արսլանեան ընտանիքի անդամներուն, Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչին, կրօնական դէմքերու, ծնողներու, բարեկամներու եւ Ճեմարանի անձնակազմին: Ծաղկաձորի Ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան:
Երեք տարի ետք տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը:
1991-էն մինչեւ 2001 կրթական գործը կը շարունակուի երկճիւղ. արեւմտեան բաժինը` «Նշան Փալանճեան», արեւելեանը` «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան:
Հրաչ Տասնապետեան կը մահանայ 16 մարտ 2001-ին: Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը յանձնուի Տիգրան Ճինպաշեանին: Միեւնոյն տարեշրջանին Ճեմարանը կ՛ունենայ նոր բաժին մը` մանկամսուրը:
2005-ին, Հայ Ճեմարանի 75-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշաններու տուչութիւն Ճեմարանի երկարամեայ կրթական մշակներ Ալիս Գազանճեանի եւ Անթուան Քեհեայեանի (Սըր):
Ճեմարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին տեղի կ՛ունենան զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ` «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» ճեմարանի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի նորակառոյց խոհանոցի եւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին բացումները:
Նոյն տարին Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսին կողմէ կազմակերպուած «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը: Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյն տիտղոսին կ՛արժանանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:
Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կը կոչուի յունիս 2016-ին, եւ Ճեմարանի տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան:
Ապրիլ 2018-ին, շնորհիւ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու ազնուական նուիրատուութեան, բացումը կը կատարուի Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» արդիական մանկամսուրին, որ կը համապատասխանէ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած, ինչպէս նաեւ` մանկամսուրներու համաշխարհային չափանիշերուն եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան 80-էն 100 երեխայ: Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը կը սկսի գործել 1 սեպտեմբեր 2018-ին:
Եւ ահա այսօր, 3 մարտ 2020-ին Ճեմարանը կը դառնայ 90 տարեկան:
Ճեմարանի մէջ դպրոցական կեանքը բեղուն է ու աշխոյժ: Ճեմարանի աշակերտները հայերէնագիտական դասանիւթերու կողքին կը պատրաստուին լիբանանեան պրէօվէի պետական քննութիւններուն եւ լիբանանեան ու ֆրանսական պաքալորէայի պետական զոյգ քննութիւններուն` ապահովելով բարձր գնահատելի յաջողութիւններ:
Ճեմարանի շրջանաւարտները հաստատ քայլերով կ՛ուղղուին համալսարան եւ` թէ՛ համալսարաններուն մէջ իրենց ձեռք բերած արդիւնքներով, թէ՛ աւելի ուշ իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ կ՛արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ:
Ճեմարանի բոլոր կարգերու աշակերտները դասարանային աշխատանքներու կողքին արտադասարանային զանազան այցելութիւններով եւ պտոյտներով կը հարստացնեն իրենց գիտելիքներու շտեմարանն ու այլազան հմտութիւնները: Անոնք կը մասնակցին սեմինարներու ու աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ` կ՛այցելեն բարեսիրական զանազան հաստատութիւններ. ներկայ կը գտնուին գեղարուեստական ելոյթներու եւ ընդհանուր զարգացման, մշակութային ու մարզական մեծ թիւով մրցոյթներու` ապահովելով միշտ առաջնահերթ դիրքեր: Աշակերտները կը հրատարակեն նաեւ միջնակարգ բաժինի «Կանթեղ» եւ երկրորդական բաժինի «Ջահակիր» տարեգիրքերը:
Ճեմարանի բոլոր աշխատանքներու զեկուցումներն ու պատկերները առօրեայ դրութեամբ եւ մնայուն կերպով կը զետեղուին դպրոցի պաշտօնական կայքէջին (www.djemaran.edu.lb) եւ Ֆէյսպուքի էջին (M. & H. ARSLANIAN DJEMARAN) վրայ:
Ճեմարանը ճիգ չի խնայեր քայլ պահելու համար արհեստագիտացած առօրեային հետ եւ ունի արդիականացման ու բարեկարգման յաւելեալ ծրագիրներ:
Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, եւ կան անոնց շունչն ու ոգին, շնորհիւ հայ դպրոցին հաւատացող ու վստահող ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ուղեկցող ու անոնց կազմաւորման համար շունչ ու եռանդ սպառող նուիրեալ ուսուցիչներուն: Կը գոյատեւէ 90 տարեկան, բայց երիտասարդ ու նոր նուաճումներու վճռական տրամադրութեամբ ոգեւորուած սերունդներ կերտող դարբնոց Ճեմարանը:
Ճեմարանի հպարտութիւնը իր աշակերտներն ու իր շրջանաւարտներն են:
Եւ երթը կը շարունակուի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ
ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ