ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Այդ օրերուն, զէյթունցիներու միութիւնը, որուն ատենապետն էր Միսաք, դեռ չունէր իր սեփական տունը, Հայրենակցական միութեան հողաշերտը, որուն վրայ պիտի հիմնէին զէյթունցիներու հաւաքավայրը։ Բայց ձեռնարկներ կը պատրաստուէին, թատրերգութիւններ կը ներկայացուէին։ Այդ հանդէսներու փորձերը կը կատարուէին մեր տան մէջ, ու ինք հօր մը պէս կ՛առաջնորդէր բոլորը։
Միսաքին սիրտը զէյթունցիներուն համար ամէն զոհողութիւն ընելու պատրաստ էր։ Այդ տարի կը ներկայացնէին Մաշտիպարի երգախառն թատրերգութիւնը, որուն գլխաւոր դերակատարն էր խոշորակազմ Հայկուհին, որ առած էր տղու դեր, եւ աչքի զարկած էր բեմին վրայ իր գեղեցկութեամբ։ Յաճախ բեմերէն կ՛ասմունքէր եւ կ՛երգէր միութենական հանդէսներուն։
Սոֆիա Հայկուհին կը նմանցնէր իր մօրը, որուն աչքերն ալ կանաչ էին Հայկուհիին պէս։ Սոֆիա անոր կ՛ըսէր անգլիականս:
Թերեւս իր արտակարգ գեղեցկութիւնը պատճառ դարձաւ որ թեկնածուներ ձանձրացնեն ընտանիքը, եւ բազմաթիւ մերժումներէ ետք, վերջապէս ընդունին նշանել եւ ամուսնացնել Հայկուհին 1952-ին՝ մեծ քրոջմէ առաջ, որովհետեւ ինք աւելի մարմնեղ ըլլալով միշտ զինք կը կարծէին տան մեծ աղջիկը։
Հայկուհին եղաւ լաւ մայր եւ ընտանիքին տուաւ 4 զաւակները։
ՍԵՊՈՒՀԻՆ ԵՐԱԶԸ՝
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՄԸ ՀԻՄՆԵԼՈՒ
Այդ օրերուն, Հալէպի մէջ դեռ չկային հայկական Երկրորդական վարժարաններ. Անահիտ երեք տարի հետեւեցաւ Անարատ Յղութեան քոյրերու դպրոցին եւ այնտեղ սորվեցաւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։
Երեք տարի ետք, Սոֆիա դարձեալ ձմեռը անկողին ինկաւ։ Յօդատապը կրկին տապալած էր զինք։ Անահիտ զրկուեցաւ դպրոցէն՝ խնամելու համար իր մայրը եւ հոգ տանելու իր փոքր քոյրերուն։ Անահիտ ճարպիկ էր եւ Քոյրերու դպրոցին մէջ սորված էր զանազան ձեռագործներ ու հիւսքը։
1948-ին Սեպուհ կը մտածէր Գամիշլիի մէջ հիմնել պզտիկ հիւանդանոց մը, եւ լուր կը ղրկէ որ Անահիտ սորվի արեան քննութիւններ կատարել։ Անահիտ կ՛երթայ բժիշկ Յովակիմեանին տարրալուծարանը եւ հոն կը հետեւի մասնաւոր դասընթացքներու։ Կը սորվի արեան քննութիւն ընել եւ ներարկումներ կատարել թէ՛ երակէն եւ թէ՛ կոնքէն։
Բայց Սեպուհին հիւանդանոցի երազը չիրականացաւ, եւ Անահիտ քանի մը տարի աշխատեցաւ Յովակիմեանին տարրալուծարանը, եւ 1953-ին ամուսնացաւ եւ ընտանիքին շնորհեց հինգ զաւակներ։