Յարութիւն Իսկահատեան-Պայքար 131
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ուրացումի մասին գիրքերու հրատարակութեամբ արաբ հասարակութիւնը իրազէկ դարձնելու աշխատանքին առընթեր, դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին 1990-ական թուականներուն սկիզբը հրատարակած է արաբերէն գրքոյկներ, որոնց մէջ ան հանդէս կու գայ հայոց եւ արաբներու դէմ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ բռնատիրական դիրքը բացատրելով, նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման ժխտականութիւնը ներկայացնելով ու այս երեւոյթները քննադատելով, ինչպէս նաեւ հայ-արաբական բարեկամութիւնը մատնանշելով: Սոյն գրքոյկներէն են.
- Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին եւ դոկտ. Ինայաթուլլահ Ռիտա, «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտութիւնը Արաբական Հայրենիքին եւ Իրանի Մէջ» , «Սփիւռք» պարբերաթերթի հրտարակութիւն, Պէյրութ, 1992, փոքր չափի 66 էջ:
Այս գրքոյկին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին ցոյց կու տայ Թուրքիոյ հետ Ֆրանսայի մեղսակցութիւնը Աղեքսանտրէթի նահանգը Սուրիայէն խլելու եւ Թուրքիոյ կցելու դաւադրութեան գործադրութեան մէջ: Արդարեւ Մուստաֆա Քեմալին՝ ինքնակոչ Աթաթուրքին յաջորդած Թուրքիոյ ղեկավար Իսմէթ Ինէօնիւ 1939ին Աղեքսանտրէթի մէջ արդիւնքները կեղծուած հանրաքուէով, քանի որ այնտեղ թուրքերը փոքրամասնութիւն էին, Ֆրանսայի օգնութեամբ նահանգը խլեց ֆրանսական գաղութատիրութեան տակ գտնուող Սուրիայէն եւ Թրքական Հանրապետութեան կցեց, այդ տարածքը Հաթայի նահանգ վերանուանելով: Այսքանով չբաւականանալով, Ինէօնիւ թուրքերու մէջ արաբներու հանդէպ ատելութիւն սերմանեց դպրոցական պատմութեան գիրքերու մէջ գրել տալով, թէ արաբները Թուրքիոյ դաւաճանութիւն ըրած են Ա. Համաշարհային պատերազմի ընթացքին: Ան նկատի ունէր արաբական ազատագրական շարժումը, որուն իբրեւ հետեւանք արաբական երկիրները օսմանեան բռնատիրութենէն նախ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ անցան եւ ապա՝ անկախացան: Այս գրքոյկին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կը խօսի նաեւ Ֆրանսայի դէմ Ալճերիական յեղափոխութեան հանդէպ Թուրքիոյ բացասական կեցուածքին շուրջ, երբ Թուրքիա պաշտօնապէս դատապարտեց Ալճերիական յեղափոխութիւնը, որուն մէկ միլիոն զոհ տուած է Ալճերիոյ ժողովուրդը: Աւելին՝ հեղինակը կը մատնանշէ Թուրքիոյ ճանաչումը Իսրայէլի, որ արաբներու կոտորածներով եւ անոնց հողերուն բռնագրաւումով է որ հիմնուած էր 1948ին: Իբրեւ եզրակացութիւն դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ. «Արաբներու հանդէպ Թուրքիոյ ծրագիրը՝ զանոնք ծարաւ ձգելու եւ կոտորելու կայսերապաշտական ու սիոնական միացեալ ծրագիր մըն է, որուն միջոցաւ Թուրքիա կը փորձէ վերահաստատել իր կորսնցուցած «Բարձր Դուռ»ը, սակայն այս անգամ Ամերիկայի հովանաւորութեամբ, յուսալով որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, բայց եւ այնպէս ան միայն յուսախաբութիւն պիտի հնձէ…» (էջ 32): Հեղինակը գրքոյկին 33-41րդ էջերուն մէջ զետեղած է այս նիւթերուն առընչուող վաւերագրութիւններ:
Սոյն գիրքին երկրորդ բաժինը՝ «Թրքական Ծաւալապաշտութեան Գաղափարախօսութիւնը Հիմնաքարն Է Թրքական Ծաւալումին» խորագրեալ յօդուածը կ՛ընդգրկէ, որուն հեղինակն է իրանցի դոկտ. Ինայաթուլլահ Ռիտա: Ան կ’ըսէ թէ թուրքերը Բիւզանդական Կայսրութիւնը տապալելէ յետոյ աւելի եւս ծաւալելու ձգտեցան հայոց եւ յոյներու հողերուն հաշւոյն եւ նոյնիսկ անցան Իրանի սահմաններէն ներս: Անոնք պատմութիւնը խեղաթիւրեցին ըսելով թէ Փոքր Ասիոյ բնակիչները եղած են թրքացեղ եւ թէ իրենք յաջողած են միացնել բոլոր այս ցեղերը, անտեսելով հայերը, քիւրտերը, ասորիներն ու յոյները:
Վերոյիշեալ երկու յօդուածները իրենց հեղինակներուն կողմէ ներկայացուած են «Հելլենօ-Արմենիքա» պարբերաթերթի կազմակերպած գիտաժողովին, որ տեղի ունեցած է 9-10 Յունիս 1992-ին Աթէնքի մէջ:
- Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին, «Արաբ-Հայկական Բարեկամութիւնը Եւ Հասարակաց Ճակատագիրը», «Տխրունի Ուսանողական Միութեան» հրատարակութիւն, թիւ 2, առաջին տպագրութիւն, Պէյրութ, 1994, փոքր չափի 48 էջ (կողքի գծանկարը Պասսամ Նաիֆ Զահրէտտինի):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ, ոմանք կը կարծեն թէ հայ-արաբական բարեկամութիւնը սկսած է երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմին թուրքերու ձեռքով տասնեակ հազարաւոր բռնագաղթուած հայեր եկան ու արաբական երկիրներու մէջ հիւրընկալ ապաստան գտան: Այս կարծիքը սխալ է, որովհետեւ հայ-արաբական յարաբերութիւններն ու բարեկամութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած եւ շատ սիրալիր եղած են: Իսկական բարեկամութիւնը արագօրէն կամ հապճեպային ձեւով չ՛ըլլար, այլ տուեալ պահու մը ծնունդ կ’առնէ եւ ժամանակի ընթացքին զարգանալով իր լրումին կը հասնի ու կը գոյանայ իսկական սերտ բարեկամութիւնը, ինչպէս որ է պարագան հայերու եւ արաբներու միջեւ (էջ 6): «Այս բարեկամութիւնը հիմնուած է խաղաղ գոյակցութեան, սիրոյ եւ համագործակցութեան մարդկային արժէքներու վրայ», կ’աւելցնէ ան (էջ 7): «Հասկնալու համար հայ-արաբական բարեկամութեան դրական ծալքերը, պէտք է որ քննենք հին վաւերագրական աղբիւրները՝ ինչպէս մագաղաթներն ու արձանագրութիւնները, որոնց մէջ կը գտնենք հայերու եւ արաբներու համագործակցութիւնը բժշկութեան, փիլիսոփայութեան, մշակոյթի, առեւտուրի, տնտեսութեան, քաղաքականութեան, արուեստներու եւ զինուորական հարցերու ոլորտներուն մէջ», կ’ըսէ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին (էջ 9): Հայ եւ արաբ անձնաւորութիւններ հայ-արաբական սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւններու մասին փաստարկներով եւ տուեալներով կը վկայեն, կը մանրամասնէ հեղինակը գրքոյկին 27-37րդ էջերուն մէջ: «Հայ-Արաբական բարեկամութիւնը խաղաղութեան հիմքը կը կազմէ: Այս բարեկամութիւնը սկսած է դարեր առաջ բժշկական գիտութեան ոլորտին մէջ հայոց եւ արաբներու համագործակցութեամբ, որ ոչ միայն երկու ազգերու օգուտին, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան համար է», կ’եզրակացնէ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին (էջ 40):
- Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին, «Հայաստանն Ու Շրջափակումը – Հայաստան Այցելութեանս Տպաւորութիւններէն», առաջին տպագրութիւն, Պէյրութ, 1993, փոքր չափի 104 էջ:
«Ան որ սեփական աչքերով կը տեսնէ ու կ’ապրի այդ ողբերգական վիճակը, որուն մէջէն կ’անցնի այսօր Հայաստանը, իբրեւ արդիւնք պաշարումի, տարբեր է անոր մասին լուրեր եւ պատմութիւններ լսելէ: Կեանքի բոլոր անհրաժեշտութիւնները գոյութիւն չունին եւ կորսուած են, սկսեալ կազէն, ելեկտրականութենէն, ջուրէն եւ վառելանիւթէն, ինչպէս նաեւ բժշկական ու սնունդի մթերքներէն եւ ապրուստի ամենէն տարրական նիւթերէն: Հիւանդութեան, անօթութեան եւ ցուրտին պատճառով ամէն օր բազմաթիւ երեխաներ կը մահանան այս ձմրան: Գործարաններուն եւ աշխատանոցներուն մեծ մասը կանգ առած է: Արտադրութիւն չկայ եւ աշխատանքը դադրած է: Ուտեստեղէնի ապրանքներուն գիները բարձրացած են ահռելի կերպով եւ մէկ թիթեղ վառելանիւթը 20 ամ. տոլարի կը վաճառուի: Համալսարաններն ու դպրոցները փակուած են ջեռուցիչ սարքերու, պենզինի եւ ելեկտրականութեան չգոյութեան պատճառով… մարդիկ փուռերու առջեւ հերթ կը կանգնին իրենց ձեռքին մէջ 250 կրամ հացի բաժնետոմսով՝ իւրաքանչիւր անձի համար» (էջ 15): Այսպէս կը նկարագրէ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին 1992ի ձմրան Երեւանի կեանքը, ուր ինք երկու շաբթուան համար այցելութեան գացած էր, ընդառաջելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հրաւէրին: Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող դժնդակ պայմաններուն դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին պատեհութիւնը կ’ունենայ այցելելու պետական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ վայրեր: Ան կ’այցելէ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողը եւ Թանգարան-հիմնարկը: Հեղինակը հանդիպումներ կ’ունենայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի նախագահութեան անդամ՝ Վարազդատ Աւոյեանի, Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պետ՝ Ռուբէն Միրզախանեանի, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արաբական կապերու պատասխանատու՝ Արշակ Փոլատեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Արտաքին Կապերու բաժնի պետ՝ Դաւիթ Վարդանեանի հետ: Կը հանդիպի «Ազգ» օրաթերթի խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեանին, որ հարցազրոյց մը կը վարէ անոր հետ, որու ընթացքին դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Արցախի պայքարին կարեւորութիւնը շեշտելով կ’ըսէ, թէ «հայը արդար դատ մը ունի եւ անոր սիրոյն է որ կը պայքարի: Հայը իրաւունք ունի իր ճակատագիրը իր ձեռքով որոշելու, այսինքն անկախութիւն ձեռք ձգելու եւ ազատ ապրելու ինչպէս որ դարերով այս եղած է հայուն ձգտումը», կ’աւելցնէ ան (էջ 70): Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին ապա կ’այցելէ Մատենադարան (էջ 73-77), որուն մասին կ’ըսէ թէ 15 դարերէ ի վեր ան լո՜ւռ ապացոյց մըն է գիրի ու գրականութեան հանդէպ հայոց տածած հոգատարութեան եւ սիրոյ:
1990-ական թուականներու սկիզբը ուշագրաւ երեւոյթ էր դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի հայկական զանազան կողմերու հետ արաբերէնով հրատարակած սոյն գրքոյկները եւ նախապէս մեր ներկայացուցած իր գիրքերը, որոնք այդ ժամանակաշրջանին շատ դրական դերակատրութիւն ունեցան լիբանանեան եւ արաբական հանրութեան մօտ Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայոց կացութիւնը առարկայական ու բացատրողականօրէն բացայայտելու գծով: Այդ գրքոյկները իսկապէս խթան հանդիսացան արաբ-հայ բարեկամութիւնը զօրացնելու եւ ի նպաստ հայոց կողմնորոշելու ուղղութեամբ: Հեղինակին այս անաչառ մօտեցմամբ հայասիրական գործունէութիւնը իւրայատուկ պարագայ մը կը մնայ արաբական աշխարհին մէջ: