ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 18 Մարտին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 20 Յունիսին։
«Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ իմ հանդիպումը «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Հանդիպման ընթացքում արձանագրեցինք, որ ստեղծուած ներքաղաքական իրադրութիւնից լաւագոյն ելքը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Հաշուի առնելով նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հետ, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան հետ, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանի հետ իմ ունեցած քննարկումները՝ սոյն թուականի Յունիսի 20ին Հայաստանի Հանրապետութիւնում կ՛անցկացուեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ», գրած է վարչապետը։
Աւելի ուշ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան եւս «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 20 Յունիսին։ «Մի քանի օր առաջ ես յայտարարել էի, որ ստեղծուած ծանրագոյն վիճակից մեր հայրենիքը դուրս բերելու համար հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներում պէտք է երկրում ձեւաւորել նոր իշխանութիւն եւ նոր կառավարութիւն: Դրա միակ օրինաւոր ճանապարհը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Ժողովուրդն իր քուէով պէտք է որոշի, թէ ում է վստահելու յաջորդ իշխանութիւնը: Խաղաղութիւն հայ ժողովրդին, Աստուած պահապան բոլորիս», կը գրէ Ծառուկեան:
Յաջորդ արձագանգողը եղաւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան, որ ըսաւ, թէ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ քննարկած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման հարցը։
«Վարչապետն, ի պատասխան սեղմ ժամկետներում ընտրութիւնների կազմակերպման մեր պահանջի, առաջարկել է Յունիսի 20ը քննարկել որպէս ընտրութիւնների օր` վերջնաժամկէտ։ Իմ կողմից նշուել է, որ սկզբունքային է ընտրութիւնների անցկացումը սեղմ ժամկէտում եւ դրանք մինչեւ աշուն կամ 2023 թուականը չթողնելը», նշեց Մարուքեան՝ հաստատելով, որ 20 Յունիս 2021ին ընտրութիւններու իրականացումը ընդունելի է իրենց համար։
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան, այս մասին «Թերթ»ին հարցումին պատասխանելով՝ դիտել տուաւ, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին իր պաշտօնական դիրքորոշումը պիտի արտայայտէ յատուկ յայտարարութեամբ։
«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան politik.am-ին հետ զրուցելով՝ յայտնեց, որ իրենք անպայման պիտի մասնակցին արտահերթ ընտրութիւններուն։ «Այո՛, մենք մասնակցելու ենք, բայց ինչ ձեւաչափով՝ դեռ չեմ կարող ասել, կուսակցութիւնում քննարկում կ՛իրականացնենք եւ կը յայտարարենք», ըսաւ ան։