ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ էլ Շաապ» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան` նշելով, որ այս իմաստով նախկին փորձառութիւնները առիթ չեն տար, որ լաւատեսութիւնը ըլլայ տիրական:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կ՛ընթանայ լուռ կերպով, առանց տեղեկութիւններ հայթայթելու` թէ՛ նախագահական պալատի եւ թէ՛ վարչապետի աղբիւրներուն կողմէ:
«Սակայն հակառակ այս բոլորին, կան պաշտօնական հաղորդագրութիւններ, որոնք մէկ կամ երկու բառով կը նկարագրեն իրավիճակը: Չորեքշաբթի գիշեր նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացում արձանագրած է, սակայն այդ աշխատանքը կը կատարուի առանց աճապարելու: Թէեւ ժամանակի իմաստով կառավարութիւնը այսօր կազմելը շատ աւելի նախընտրելի է, քան միւս օրը, բայց եւ այնպէս, եթէ այս կառավարութիւնը ծանր պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէ եւ երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն պիտի փորձէ դուրս բերել, ապա բաղձալի է, որ պէտք եղած ժամանակը տրուի, եւ հարցերը պարզուին` նախքան անոր աշխատանքի ստանձնումը», յայտնեց ան:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւններու կազմութեան հոլովոյթները եղած են բարդ եւ հսկայական ժամանակ խլող աշխատանքներ: «Սակայն Լիբանան ներկայիս նման կացութիւն չի կրնար հանդուրժել, եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի տեսակարար ոստում մը կատարել այս իմաստով եւ կարելի եղածին չափ արագ կազմել կառավարութիւնը: Այս առումով պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ քաղաքական այն ուժերը, որոնք իրենց պլոքներուն ընդմէջէն Հարիրիի թեկնածութեան չզօրակցեցան, աւելի ուշ հաղորդագրութիւններով հաստատեցին, որ իրենք պիտի դիւրացնեն կառավարութեան կազմութիւնը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ ներկայիս կը կատարուին նախարարութիւնները իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ բաժնելու աշխատանքները, որոնց կ՛աւելնայ նաեւ տարբեր համայնքներուն կողմէ նախարարութիւններ ստանձնելու հերթափոխութիւնը: «Այս իմաստով Հարիրի կատարեալ համոզումի մէջ է, սակայն նախագահական պալատին մէջ տակաւին ամբողջական համոզում չկայ: Մենք` իբրեւ կուսակցութիւն եւ երեսփոխանական պլոք, 20 տարիէ ի վեր կը խօսինք հերթափոխութեան մասին, որովհետեւ այս իմաստով անիրաւութիւն եւ անհաւասարութիւն կը շօշափենք` թէ՛ պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ թէ՛ ժողովրդավարութեան գործադրութեան իմաստով: Դուք որեւէ երկրի պարագային նախարարութիւններու անուանումի հանդիպա՞ծ էք. այսինքն` ուժային, ծառայողական եւ Գ. կարգի նախարարութիւններ, կամ այս ու այն համայնքին պատկանող նախարարութիւններ: Այս ընթացքը վտանգաւոր է: Կ՛ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, որ այս կեցուածքը մենք նոր չենք որդեգրած, այլ` երկու տասնամեակէ ի վեր Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքն է: Օրինակ` ոչ մէկ արգելք պէտք է ըլլայ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տրուի յոյն կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչին, արդարութեան նախարարութիւնը` հայ համայնքին: Նախկին նախարար Խաչիկ Պապիկեան երկու անգամ ստանձնած է արդարութեան նախարարութիւնը եւ եղած է լաւագոյն նախարարներէն: Տակաւին կան տեղայնական պահանջները` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն կառավարութեան մէջ ներկայացուած ըլլալուն իմաստով: Իսկ այս փուլին աւելցած է մասնագէտներու կառավարութիւն կազմելու պարտաւորութիւնը, որ նաեւ փորձուած է: Այս բոլորը հերետիկոսութիւններ են, որոնք աշխատանքը կը դժուարացնեն», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ոչ մէկ հարց պէտք է գոյութիւն ունենայ նախարարին կուսակցական կամ անկուսակցական ըլլալուն իմաստով` աւելցնելով, որ ի վերջոյ կառավարութիւնը խորհրդարանին վստահութեան քուէն է, որ պիտի ստանայ, եւ խորհրդարանը կազմուած է կուսակցութիւններուն կողմէ կազմուած պլոքներով: «Խորհրդարանը նաեւ պատասխանատու պիտի ըլլայ նախարարները հաշուետուութեան կանչելու, հետեւաբար անոնք պէտք է ըլլան անձնաւորութիւններ, որոնք ի վերջոյ պատասխանատուութեան պիտի կանչուին: Ճիշդ է, որ այդ իմաստով դատական իշխանութիւնները իրենց աշխատանքը ունին կատարելիք, սակայն հակառակ այն իրականութեան, որ պարկեշտօրէն եւ թափանցիկութեամբ գործող դատաւորներ կան, սակայն անոնց նշանակումն ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ անոնց վրայ բանեցուած ճնշումները կը խանգարեն անկախ կերպով գործելու դատական իշխանութեան համակարգը», հաստատեց ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ համախոհական ժողովրդավարութիւն ըմբռնումը միայն Լիբանանին յատուկ է, որովհետեւ քաղաքական գիտութեան կամ փիլիսոփայութեան մէջ նման բան գոյութիւն չունի: «Սակայն հասկնալի է, որ համայնքներով գործող եւ ղեկավարուող այս երկրին մէջ նման ըմբռնում կարեւոր է` գործել կարենալու համար: Ճիշդ է, որ վարչապետը գործադիր իշխանութեան պետն է, սակայն ան հանրապետութեան նախագահին գործակցութեան կարիքը ունի: Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահը իրաւարարն է բոլորին միջեւ, սակայն ան նաեւ իր համայնքը կը ներկայացնէ եւ կառավարութեան մէջ իր ներկայացուցիչները ունի: Հետեւաբար պէտք է գոյակցիլ եւ համախոհութիւնը պահպանել, նոյնիսկ եթէ կան քաղաքական որոշ կողմեր, որոնք վարչապետին թեկնածութեան չզօրակցեցան: Վարչապետի նշանակման իմաստով, արտօնեցէ՛ք ըսել, որ Հարիրիի թեկնածութեան զօրակցողներուն թիւը պատկառելի չէր: Նկատելով այս իրականութիւնը` Հայկական երեսփոխանական պլոքը նախաձեռնեց քանի մը օրով յետաձգել վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, սակայն դժբախտաբար մեծ բան չփոխուեցաւ կացութենէն, բայց եւ այնպէս Հարիրի աւելի մեծ թիւով քուէ ստացաւ: Հայկական երեսփոխանական պլոքը առաջին իսկ օրէն որոշած էր զօրակցիլ Սաատ Հարիրիին», շեշտեց ան:
Հարիրիին զօրակցելու իմաստով հայկական միասնականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը որոշած էր Հարիրիին զօրակցիլ` աւելցնելով սակայն, որ երեսփոխաններ Ժան Թալուզեանի եւ Էտի Տեմիրճեանի հետ այս իմաստով խորհրդակցութիւններ եւ պայմանաւորուածութիւն չկային: «Երեսփոխաններ Թալուզեան եւ Տեմիրճեան իրենք փափաքեցան Հարիրիին զօրակցիլ, եւ հաւանաբար այս մղումը կամ որոշումը կու գայ հայկական աւանդներէ եւ մօտեցումներէ, որ երբ համախոհութեան կարիք կայ, բախումներու պէտք չէ երթալ», նշեց ան:
Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններէն օր մը առաջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտայայտած կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ պէտք է ընդունիլ, որ նախագահ Աունի եւ վարչապետին միջեւ կան տարակարծութիւններ, «սակայն նախագահ Աուն գիտէ ընկալել այդ տարակարծութիւնը եւ կացութիւնը վերադարձնել սահմանադրական շրջագիծին ու անոր հիման վրայ շարունակել աշխատանքը: Ան իր խօսքը ըսաւ, սակայն սահմանադրական առումով վարչապետը նշանակեց, որովհետեւ երկիրը կառավարութեան կարիք ունի: Հարիրի իր կարգին գիտակցեցաւ, որ Լիբանանը գոյութեան վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ կարելի չէ, որ ամէն մէկը իր խրամատին մէջ մնայ եւ շարունակէ միւսին վրայ կրակել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնները եւս մերժեցին զօրակցիլ Հարիրիի թեկնածութեան, սակայն քաղաքական իրականութիւնը բոլորին կը պարտադրէ միասնաբար աշխատիլ եւ գործակցիլ` հայրենիքին ու քաղաքացիին համար:
Կառավարութեան քանի մը օրէն կազմուելու կարելիութեան մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ ատիկա իրականութիւն դառնայ` աւելցնելով սակայն, որ սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ թաղուած է: «Պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ շօշափելի փաստերով հաւատալ կառավարութեան կազմութեան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութիւնը, յատկապէս` բարեկարգումներու իմաստով: «Հոս կ՛ուզեմ նաեւ ըսել, որ այդ փաստաթուղթը ֆրանսական նախաձեռնութիւն չէ, այլ` Լիբանանի մէջ ստեղծուած է Հարիրիի նախկին կառավարութեան կողմէ, նախքան 17 հոկտեմբերը, այսինքն` նախքան իր հրաժարիլը: Բարեկարգումի այս փաստաթուղթին շուրջ գրեթէ բոլորս համաձայնած ենք: Օրին խորհրդարանը չկրցաւ նիստ գումարել, որպէսզի վաւերացնէ այդ ծրագիրը: Աւելի ուշ, Պաապտայի մէջ գումարուած տնտեսական երկխօսութեան հանդիպումը քննարկեց Տիապի կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը, որուն մէկ հսկայական բաժինը ներառուած է այս նախաձեռնութեան մէջ: Բարեկարգումներու ծրագիրներուն անուանումը իր հերթին կարեւոր չէ. թող այդ մէկը կոչուի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անունով: Կարեւորը այդ ծրագիրին գործադրութիւնն է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այդ փաստաթուղթին գործադրութեան առումով դժուարութիւններ կան, որովհետեւ անիկա խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի: «Օրինակի համար, յաւելուած արժէքի տուրքը բարձրացնելու իրականութիւն մը կայ, ելեկտրականութեան եւ պետութեան կողմէ տրուած նպաստին վերաբերող մանրամասնութիւններ կան, որոնք արագ լուծումներու կը կարօտին: Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ կառավարութիւնը միայն տնտեսական աշխատանք պիտի չունենայ, այլ նաեւ` քաղաքական, օրինակ` Լիբանանի սահմանագծումին հարցը, ներքին քաղաքական եւ շրջանային հարցերու վերաբերող քաղաքական որոշումներ տալու պարտաւորութիւնը եւ այլն», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կազմուի` աւելցնելով, որ տրամաբանական չէ այս օրերուն Դիմադրութեան օրակարգը դուրս բերել կամ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան գործունէութեան վերաբերող կէտը փոփոխութեան ենթարկել: «Ատիկա կը նշանակէ հարցերը բարդացնել: Հըզպալլայի ապազինման պահանջը կայ, սակայն լիբանանցիները համոզուած են, որ այդ պահանջը դիւրին չէ, այլ` շրջանային եւ միջազգային կշիռ ունեցող հարց է, Լիբանանեան օրակարգէն դուրս աւելի կարեւոր խնդիր, եւ անոր լուծումը կամ բարդացումը իր ազդեցութիւնն ու հետեւանքները կրնայ ունենալ Լիբանանի վրայ», հաստատեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՅ Դաշնակցութիւնը կամաւորներ կը գործուղէ՞ Արցախ` հայրենի հողին համար մղուող կռիւին մասնակցելու, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը պաշտօնապէս յայտարարած են, որ կամաւորներու կարիքը չունին: «Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը բազմիցս յայտարարեց, որ իրենք կամաւորներու կարիք չունին: Հայաստանի մէջ կայ ազգ-բանակ հասկացողութիւն, եւ այդ ըմբռնումէն մեկնելով` Հայաստանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ ինքզինք կը նկատէ հայոց բանակի զինուոր: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` լիբանանահայ այն ընտանիքները, որոնք Լիբանանի տնտեսական վատ պայմաններուն հետեւանքով, եւ վերջերս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառով հաստատուած են Հայաստան, իրենց անունները իբրեւ կամաւոր գրանցած են Հայաստանի պետութեան մօտ: Կան նաեւ լիբանանահայ երիտասարդներ, որոնք հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունին, կը փափաքին կամաւորագրուիլ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ոչ մէկ կամաւոր կը գրանցէ եւ ոչինչ կը կազմակերպէ կամաւորներ Հայաստան գործուղելու իմաստով: Կան տղաք, որոնք կը մեկնին Հայաստան, առանց մեզի տեղեակ պահելու, մենք չենք կրնար արգելք հանդիսանալ անոնց, այլ` հասկացողութիւն կը ցուցաբերենք, որովհետեւ այս պատերազմը, որ Արցախի դէմ սանձազերծուած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ եւ տեղի կ՛ունենայ իսրայէլեան զինամթերքով, ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ յայտարարուած պատերազմ է: Այս պատերազմը նոր ցեղասպանութիւն մըն է, որ կը գործուի հայ ժողովուրդին դէմ: Թուրքերը Ցեղասպանութեան իրենց ծրագիրը չկրցան ամբողջացնել Իթթիհատ վե Թերաքքը կուսակցութեան օրերուն` այսօր վերսկսած են այդ արարքներուն: Մեր տղոց մօտ կայ այն համոզումը, որ մայր հայրենիքը իրենց կարիքը ունի, որովհետեւ իրենց ժողովուրդն է, որ կը սպաննուի` հասկնալի է: Այս իրականութիւնը չի նշանակեր, որ հայը Լիբանան իր հայրենիքին հանդէպ նուիրուածութիւն չունի, ո՛չ ալ կը նշանակէ, որ մենք թրքական ծագումով լիբանանցիներու հետ հարց ունինք: Հասկնալի է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Լիբանանին 400 տարի իշխած է, եւ բնականաբար պիտի ըլլան թրքական ծագումով լիբանանցիներ: Աւելի՛ն. մենք ոչ մէկ հարց ունինք որեւէ այլ ծագումով լիբանանցիներու հետ: Իսկ ո՛վ որ Արցախի մէջ ընթացող պատերազմը կրօնական կը նկատէ, պէտք է իմանայ, որ սխալ է: Այդ պատերազմը քրիստոնեայի եւ իսլամի միջեւ պատերազմ չէ, քրիստոնեայի եւ շիիի միջեւ պատերազմ չէ, քրիստոնեայի եւ սիւննիի միջեւ պատերազմ չէ: Կրօնական շրջագիծին մէջ պէտք չէ դիտել այս պատերազմը: Այս հարցը պատմական հարց է, աշխարհաքաղաքական հարց է, եւ եթէ անիկա շարունակուի ամբողջ շրջանը` Կովկասը կրնայ բռնկիլ, Ռուսիան եւ Իրանը կրնան միջամտել, Թուրքիա արդէն միջամտած է: Թուրքիոյ ընթացքը` Սուրիայէն, Լիպիայէն, Փաքիստանէն եւ Աֆղանիստանէն ահաբեկիչ վարձկաններ փոխադրելու դէպի Ազրպէյճան, հսկայ փաստ մըն է, որ այս պատերազմը միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի հարցը չէ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: