ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, 22 Մարտին տեղի ունեցաւ զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 2019-ի անդրանիկ նիստը, զոր վարեց Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Նիստին ընթացքին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարուժան Աւետիքեան ներկայացուց ամփոփ հաշուետուութիւնը նախորդ տարուան սկիզբէն մինչեւ օրս իրականացած հատուցումներուն եւ նուիրատուութիւններուն վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ այս պահու դրութեամբ, հիմնադրամի հաւաքագրած գումարը արդէն հասած է 14 միլիառ դրամի, մինչ կատարուած ընդհանուր հատուցումները կը հաշուեն 941 միլիոն դրամ:
Նիստի ընթացքին հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը միաձայն որոշում տուաւ այս տարուան 1 Ապրիլէն սկսեալ հատուցումներ տրամադրել նաեւ 2008-2014 ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն կամ հաշմանդամութիւն ունեցողներուն:
Յիշեցնենք, որ 9 Օգոստոս 2018-ին, հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը հաստատած էր նաեւ 2015 եւ 2016 թուականներուն տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ նոյնպէս հատուցում տրամադրելու որոշումը:
Անդրադառնալով իրականացած աշխատանքներուն եւ դրամական միջոցներու հաւաքագրման ընթացակարգերուն՝ խորհուրդի անդամները նշեցին, որ նախորդ տարի, հիմնադրամի կառավարումէն գոյացած միջոցները գերազանցած են կատարուած հատուցումներու ծաւալը:
Ծրագիրը յաջողութեամբ կը շարունակէ գործել՝ հանրութեան առջեւ լիարժէք հաշուետուութեան եւ բացառիկ թափանցիկութեան սկզբունքով: