Իսրայէլի օդուժը այսօր մօտ 20 հարուած հասցուցած է Կազայի հատուածին, կը հաղորդէ ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ-ը` յղում կատարելով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութեան, կը գրէ Tert.am-ը։
Այսպէս Իսրայէլը սկսաւ զանգուածային գործողութիւնը, որ կը կրէ ՙպաշտպանիչ սիւն՚ անուանումը: Տուեալներ կան, որ իսրայէլական ցամաքային զօրքերը եւս ամբողջական պատրաստականութեան վիճակի մէջ են:
Յարձակումի ենթարկուած են Համաս-ի ռազմական պահեստները, ուր կը պահուէին աւելցուած գործողութեան շառաւիղով հրթիռները (մինչեւ 40 քմ), որոնցմով կրնային ռմբահարուիլ Իսրայէլի հարաւի խոշոր քաղաքները, ինչպէս նաեւ «ֆաճր-5» հրթիռները, որոնք մինչեւ 70 քմ հեռահարութիւն ունին, որ կը կազմէ մինչեւ Թէլ-Աւիւ հեռաւորութիւնը:
«Կազայի հատուածը վերածուած է իսկական իրանական ռազմակայանի` Իսրայէլի քաղաքացիներուն դէմ հրթիռային հարուածներու եւ ահաբեկչական գրոհներու իրականացման համար» – յայտարարած են բանակի մէջ:
Բանակային աղբիւրներու տուեալներով` հրթիռներով զինապահեստները յայտնաբերուած են հետախուզական միջոցներուն շնորհիւ եւ «յատուկ ծրագրաւորման առարկայ էին վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին՚:
Կը շեշտուի, որ այս գործողութեամբ կ’ապահովուի աւելի քան մէկ միլիոն իսրայէլցիի անվտանգութիւն, որոնք կը բնակին հնարաւոր հրթիռահարման գօտիին մէջ:
Յիշեցնենք, որ թիրախներէն մէկն էր նաեւ պաղեստինեան իսլամիստական խմբաւորման ռազմական թեւի առաջնորդ Ահմէտ ալ-Ճաապարին, որ այսօր սպաննուեցաւ Իսրայէլի օդուժի հարուածէն: