ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները` Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Նոյեմբեր 23-ին պիտի ժամանեն Երեւան: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան:
Կը ծրագրուի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներուն հանդիպումները ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տեղեկացումով` համանախագահները տարածաշրջանային այցի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 26-ին պիտի այցելեն Պաքու, հանդիպումներ պիտի ունենան այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ: Բարենպաստ եղանակի պարագային կը սպասուի միջնորդներու այցը նաեւ Ստեփանակերտ:
Փարիզի մէջ Հոկտեմբեր 27-ին կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը, որուն մասնակցած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները: Իբրեւ աշխատանքային առաջարկ` համանախագահները ներկայացուցած են իրենց գաղափարները` խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով: Կ’ակնկալուի, որ տարածաշրջան այցի ընթացքին միջնորդները պիտի շարունակեն աշխատանքը առաջարկութիւններու ուղղութեամբ: