ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Աֆղանիստանի Իսլամական Հանրապետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուին ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հանդիպումները Աֆղանիստանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Պիսմալա Խան Մոհամատիի, Աֆղանիստանի Միջազգային Անվտանգութեան Աջակցման Ուժերու (ԻՍԱՖ) հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Նիք Քարթըրի, ԻՍԱՖ-ի հիւսիսային հրամանատարութեան հրամանատար, զօրավար Էրիխ Փֆեֆֆերի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին ԻՍԱՖ-ի կազմին մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան եւ յետագայ ծրագիրերուն առընչուող երկուստեք հետաքրքութիւն ներկայացնող հարցեր:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ ԻՍԱՖ-ի հիւսիսային հրամանատարութեան կազմին մէջ, գերմանական հրամանատարութեան տակ Փետրուար 2010-էն գործող Քունտուզի եւ Մազարի Շարիֆի մէջ տեղակայուած հայկական զօրախումբերը: