ՖԻԴԷ-ի նախագահ Գիրսան Իլիւմժինովը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շախմատային հանդիպումներ կազմակերպելու առաջարկով: Այս մասին` ըստ Armenpress.am-ի` Իլիւմժինովը յայտարարած է itogi.ru-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եւս մէկ միտք, որ ինծի կը պատկանի, կը վերաբերի արաբա-իսրայէլական սահմանին խաղաղութեան հաստատման: Այնտեղ կը նախատեսուի տեղադրել շախմատային 1000 խաղատախտակ, որոնց առջեւ պիտի նստին երեխաները: Պաղեստինի առաջնորդի` Մահմուտ Ապպասի հետ քննարկած եմ այդ գաղափարը, ան երկու ձեռքով կողմ հանդէս եկած է: Իսրայէլական ղեկավարութիւնը եւս կարծես դէմ չէ: Կը մնայ իրականացնել: Նոյն գաղափարը տեղին պիտի ըլլար իրականացնել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր կրնան խաղալ հայ եւ ատրպէյճանցի երեխաները»,- ըսած է Իլիւմժինովը:
ՖԻԴԷ-ի նախագահը ընդգծած է, որ ճատրակը կ’իրականացնէ նաեւ խաղասիրական առաքելութիւն: