Միացեալ Նահանգներ բաց է Իրանի հետ երկկողմ բանակցութիւններ վարելու՝ եթէ Թեհրանը նման պատրաստակամութիւն յայտնէ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտոաղար Հիլարի Գլինթըն:
Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Գլինթըն անուանած է իրեն համար «ամենաբարդը» նախարարի պաշտօնին մէջ: Անոր խօսքերով՝ պատճառը այն է, որ «Իրանի գործողութիւնները արդէն սպառնալիք կը ներկայացնեն, որ «կ’աճի երկրաչափական յառաջընթացով, առաւել եւս եթէ այն ձեռք բերէ միջուկային զէնք»:
Այնուհանդերձ, Գլինթընի խօսքերով, Օպամայի վարչակազմը պատրաստ է այդ երկրին հետ երկկողմ բանակցութիւններ վարելու. «Մենք կ’աշխատինք 5+1 խումբի մեծ գործընկերներու հետ (ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 5 անդամներու եւ Գերմանիոյ) եւ պատրաստ ենք երկկողմ քննարկումներու, եթէ իրանցիները համապատասխան ցանկութուն եւս յայտնեն», – յայտարարած է Գլինթըն, բանակցութիւններ վարելու համար կարեւորելով փոխադարձութեան սկզբունքը: