Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան երկարատեւ ընդհատումէն ետք մատակարարումը վերսկսած է. հայկական համայնքը հերոսաբար կը դիմագրաւէ իր առջեւ ծառացած խնդիրները՝ հացի մէկ կապոցը հասած է 300 ս.ո.-ի (մօտ $4) պիւթակազի շիշը 5000 ս.ո. (մօտ $66) վառելանիւթը դարձած է անգտանելի, տաքնալու եւ ճաշ եփելու համար մեր հայրենակիցները սկսած են փայտ վառել, հացի փոխարէն ոսպ եւ գետնախնձոր կ’ուտեն։
Ըստ աղբիւրին, զանազան առիթներով եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակութիւնները տակաւին տեղ չեն հասած՝ համայնքի զաւակները մնացած են ճակատագրի յոյսին։