Այսօր աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու օրը (Human Rights Day): 1948-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդը այս օրը ընդունեց Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը: Այս օրը առաջին անգամ նշուած է 1950 թուականին.:
Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կինեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ` իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին:
Հակառակ որ Հռչակագիրը պարտադրող փաստաթուղթ չէ, ան նպաստած է մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ աւելի քան 60 գործիքներու ներմուծման` միջազգային միասնական մէկ հիմք սահմանելով այդ բնագաւառին մէջ: Անոր հիման վրայ կատարուած է միջազգային այլ համաձայնագիրներու մշակումը: Միջազգային այդ փաստաթուղթերու հիման վրայ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ն կրնայ հարկադրող պատժամիջոցներ կիրառել այն վարչակարգերու նկատմամբ, որոնք թոյլ կու տան մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտումներ:
Ամէն տարի ՄԱԿ-ը կ’ընտրէ Մարդու իրաւունքներու օրուան կարգախօս: 2011-ին այն ունէր «Կը յարգենք մարդու իրաւունքները» կարգախօսը: 2012-ի կարգախօսն է` «Իմ ձայնս նշանակութիւն ունի»: