Եգիպտոսի նախագահ Մոհամմէտ Մորսի կառավարական բանակին նոր լիազօրութիւններով օժտած է, կը յայտնէ Reuters-ը:
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէն նշանակուած է Դեկտեմբեր 15-ին: Հանրաքուէին օրը ձերբակալութիւններու իրաւունք տրուած է բանակին:
Նոյեմբեր 22-ին նախագահ Մորսին հրամանագիր մը ստորագրեց, որուն շնորհիւ կ’արտօնէր իշխել ժամանակաւոր բացառիկ լիազօրութիւններով , յատկապէս ինքզինք պիտի ձերբազատէր դատական իշխանութիւններու վերահսկողութենէն: