ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այցելած է ԱՄՆ Մեսաչուսեթսի նահանգապետ Տէւալ Փաթրիքին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով` Մեսաչուսեթսի նահանգապետին փոխանցած է Մխիթար Գօշի մետալը:
Վարչապետ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փաթրիք Տէւալին Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի կառուցման գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Նահանգապետը ՀՀ վարչապետին խնդրած է իր երախտագիտութեան խօսքերը յայտնել ՀՀ նախագահին` շքանշանի համար:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են համագործակցութեան հեռանկարները: Մեսաչուսեթսի նահանգապետը բարձր գնահատած է հայ համայնքի դերն ու ներգրաւուածութիւնը նահանգի կեանքին մէջ:
Հանդիպումէն ետք Տիգրան Սարգսեան այցելած է Պոսթըն քաղաքի Հայկական ժառանգութեան պուրակը եւ ծաղիկներ զետեղած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին վրայ: