Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի առողջական վիճակը կը մնայ առեղծուած: Միջազգային եւ արաբական լրատուական աղբիւրներ առաւօտեան ժամերուն հաղորդեցին, թէ նախագահը ուղեղի կաթուած մը ստանալով փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Աղբիւրները կը մեկնաբանէին, թէ նախագահին առողջական վիճակը կը մնայ մտահոգիչ: Աւելի ուշ, իրաքեան լրատուական աղբիւրներ գուժեցին նախագահ Ճալալ Թալապանիի մահը: Իսկ երեկոյեան ժամերուն, կառավարական աղբիւր մը հերքեց նախագահին մահուան մասին տեղեկութիւնները:
79-ամեայ նախագահին առողջական վիճակը շրջանէ մը ի վեր մտահոգիչ նշաններ ցոյց կու տար: Ծագումով քիւրտ Թալապանի տառապալից եւ հալածանքներով լեցուն կեանք մը բոլորելէ ետք, 2003-ին ընտրուեցաւ յետ սատտամեան Իրաքի առաջին նախագահը: