Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին, մահացած է 15 երկրէ 18 երեխայ որդեգրած Լարիսա Յովսէփեանը: Ամուսինի հետ ապրելով ընդամէնը վեց ամիս, ան չէր հասցուցած մայր դառնալ եւ մասնագիտութեամբ բեմադրիչ-վաւերագրող Լարիսա Յովսէփեան 41 տարեկանին որոշած է երեխայ որդեգրել:
Խորհրդային տարիներուն, երբ Հայաստանի ու միւս երկիրներու մէջ որդեգրման ենթակայ երեխաներ չկային, տիկին Լարիսան 1982-ին կը հասնի Լիթվիա, ուրկէ կ’որդեգրէ աւագ որդին, զայն անուանելով Հայրապետ` հօր անունով: Բոլորն ալ Յովսէփեաններ են, “բոլորն էլ հայ` քոյր ու եղբայր”: Այս մասին 70-անց մայրը յաճախ կը յիշեցնէր երեխաներուն:
Մէկ յարկի տակ ռուս, ուքրանացի, հայ, գանատացի, հրեայ եւ այլ ազգութեամբ երեխաները կ’ապրին հաշտ ու համերաշխ: