Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած է, ֆրանքոֆոնիայի ֆրանսերէն լեզուի տարուան նուիրուած փակման հանդիսութիւններու ծիրէն ներս՝ Փեքին ժամանած հայազգի մեծանուն երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հանդիպումը Փեքին բնակող հայութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը:
Շուրջ 60 հայերու հետ սոյն հանդիմպան նաեւ ներկայ գտնուած են «Համաշխարհային Մտաւոր Խաղեր»-ուն մասնակցելու նպատակով Չինաստան գտնուող անուանի հայ շախմատիստներ Լեւոն Արոնեանը եւ Էլինա Դանիէլեանը: Ողջունելով ներկաները՝ Չինաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան Ազնաւուրին պատմած է Փեքինի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայ համայնքին մասին, որմէ ետք ներկաները բազմաթիւ հարցեր ուղղած են իրենց մեծանուն հայրենակցին:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Շառլ Ազնաւուր ներկայացուցած է իր կեանքէն որոշ դրուագներ եւ պատմած տարբեր ժամանակներու մէջ յայտնի մարդոց հետ ունեցած հանդիպումներու մասին: Կարեւորելով հայապահպանման խնդիրները` ան յորդորած է երիտասարդները երբեք չկտրուիլ իրենց արմատներէն: «Ատիկա ուժ եւ կորով կու տայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ յայտնուած հայերուն` դիմագրաւելու որեւէ դժուարութիւն», – ըսած է Շառլ Ազնաւուր: