Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամը վաղը կրթաթոշակներու հաւաստագրեր պիտի տրամադրէ սուրիահայ ուսանողներուն:
Հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն` ուսման վարձերու փոխհատուցում պիտի ստանան Հայաստանի մէջ ուսում ստացող աւելի քան 110 սուրիահայ ուսանողներ: Վերջիններուս ուսման վարձերու փոխհատուցման նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը հիմնադրամին յատկացուցած է 40 միլիոն դրամ (մօտ 100 հազար տոլար): Հաւաստագրերը սուրիահայ ուսանողներուն պիտի յանձնէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: