Այսօր՝ Ուրբաթ, անկուսակցական քաղաքագէտ Անտրէաս Ղուկասեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին ներկայացուց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը՝ իբրեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու:
Անտրէաս Ղուկասեանի առաջադրմամբ նախագահի պաշտօնին յաւակնող թեկնածուներուն թիւը դարձաւ վեց՝ « Ազգային Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արամ Յարութիւնեան, Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան, «Ազգային Ինքնորոշում Միաւոր» կուսակցութեան ղեկավար Պարոյր Հայրիկեան, անկուսակցական Մհեր Հայրապետեան եւ դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեան: